ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը Այցելած է Վայոց Ձորի Մարզի Սահմանամերձ Շրջան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստան ժամանած ՀԱՊԿ առաքելութիւնը՝ Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Զասի գլխաւորությամբ՝ այցելած է Վայոց Ձորի մարզի սահմանամերձ շրջան։ Այս մասին յայտնած են ՀԱՊԿ մամուլի ծառայութենէն։

«Ստանիսլաւ Զասը հանդիպած է սահմանագիծին վրայ տեղակայուած ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու հրամանատարներուն, տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ան նաեւ դիտարկած է գնդակոծութեան ենթարկուած վայրերը, զրուցած մարտական գործողութիւններուն մասնակցած զինծառայողներու հետ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը՝ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի գլխաւորութեամբ, Սեպտեմբեր 13-ին ժամանած է Հայաստան՝ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստի որոշման համաձայն: Առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք կազմակերպութեան աշխատանքային մարմիններու աշխատակիցներն են:

Առաքելութեան վրայ դրուած են ստեղծուած իրավիճակի գնահատման, տարածաշրջանին մէջ իրավիճակին վերաբերեալ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն հանգամանալից զեկոյց պատրաստելու եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին առանձին շրջաններու մէջ յառաջացած լարուածութեան հակասանդղայարձակման վերաբերեալ առաջարկներու մշակման խնդիրներ: