Հայաստանի Անկախութիւնն ու Արցախի Ինքնիշխանութիւնը Բացարձակ Արժէքներ Են․ Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակ

Հայաստան

Յայտարարութիւն

Այսօր, երբ մեր երկիրը կանգնած է ներքին եւ արտաքին նոր մարտահրաւէրներու առջեւ, երբ վտանգուած են մեր Հայրենիքի սահմանները, երիցս խորհելու առիթ ունինք:

Մեր պատմութեան ներկայ շրջադարձը կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւր հայի՝ մտածելու ազգային միասնութեան մասին, որ կրնայ միակ երաշխիքը դառնալ Հայրենիքի փրկութեան ու յաւերժութեան:

Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը շնորհաւորելով` մէկ անգամ եւս փաստենք այն ճշմարտութիւնը, որ եթէ որեւէ պետութիւն իր գաղափարախօսութեան առանցքին մէջ չի նոյնացներ ազգային ու պետական շահը, դատապարտուած է: Այս ծիրէն ներս պիտի մտահոգութիւն յայտնել եւ դարձեալ բարձրաձայնել, որ Հայոց բանակի թիկունքը ժողովուրդն է:

Այսօր, առաւել քան երբեւէ, պարտաւոր ենք առաջնորդուելու այն գիտակցութեամբ, որ Հայաստանի անկախութիւնն ու Արցախի ինքնիշխանութիւնը բացարձակ արժէքներ են, որոնք չեն կրնար ածանցուիլ քաղաքական ոչ մէկ գործընթացի:

Շնորհաւոր տօնդ, Հայաստա՛ն:

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ