Արամ Մանուկեանի Պատգամներով Պէտք Է Շարունակենք Պայքարը․ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Այսօր մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք մեր նորագոյն պատմութեան հերոսներէն Արամ Մանուկեանի յիշատակին, մարդ, որ մարմնացումն է հայոց պետականութեան գաղափարի, հայ բազուկի ամրութեան, հայի գաղափարի պաշտանմունքին, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ։ Այս մասին, այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի շիրիմին մօտ, յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան:

«Արամ Մանուկեանի պատգամով, անոր էութեամբ սերունդներ սնած են և մեզի համար ուրախութիւն է, որ իր շուրջը հաւաքուած են իր ներշնչած սերունդներու, ՀՅԴ յաջորդ ղեկավարներու շիրիմները` ընկեր Հրայրի, Խաժակի, Վահանի:

Մանուկեանի դրած հիմնաքարերով մենք պետք է շարունակենք մեր պայքարը յանուն հայրենիքի, յանուն անկախութեան, յանուն մեր հողային ամբողջականութեան եւ Արցախի ազատագրումի»,- նշեց Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։