Մենք Չենք Կրնար Այլեւս Ուրիշներու Շահերուն Ենթակայ Դառնալ. Արամ Ա․

Հայաստան, Սփիւռք

Մենք չենք կրնար այլեւս ուրիշներու շահերուն ենթակայ եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն անձնատուր դառնալ: Այս մասին Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ը՝ անդրադառնալով վերջին օրերու իրադարձութիւններուն։

«Քաղաքական երկխօսութիւնը, ճկունութիւնը եւ իրապաշտութիւնը պէտք չէ մեզ առաջնորդեն վտանգելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը: Ասիկա մեր ազգի ու հայրենիքի համար կարմիր գիծ է»,- գրած է ան: