Զոհուածներուն եւ Անհետ Կորսուածներուն Թիւը Կը Հասնի 207-ի, Վիրաւորուած է 293 Զինծառայող. ՀՀ ԱԽ

Աշխարհ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 19-ին, Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին ընդունուած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«2022 թուականի Սեպտեմբեր 12 լոյս 13-ին՝ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը լայնածաւալ յարձակում սկսած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ՝ խոշոր տրամաչափի զինատեսակներու, հրետանիի, հրթիռային համակարգերու, անօդաչու թռչող սարքերու կիրառումով:

Յարձակման հետեւանքով զոհուածներուն եւ անհետ կորսուածներուն թիւը կը հասնի 207-ի, ներառեալ՝ զոհուած է քաղաքացիական 3 անձ, 2 քաղաքացիական անձի գտնուելու վայրը կը համարուի անյայտ, վիրաւորուած է 293 զինծառայող, 3 քաղաքացիական անձ, գերեվարուած է 20 զինծառայող: Առկայ են ապացոյցներ հայաստանցի գերեվարուած կամ զոհուած զինծառայողները ազրպէյճանցիներուն կողմէ խոշտանգումներու ենթարկելու, անդամահատելու, այդպիսով ապօրինի կերպով կեանքէ զրկելու դէպքերուն վերաբերեալ:

Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ թիրախ դարձած են 36 բնակավայր, ինչպէս՝ Գորիս, Սիսիան, Կապան, Ջերմուկ, Վարդենիս, Տեղ, Գեղամասար համայնքները, որուն հետեւանքով մասնակի կամ ամբողջական աւերուած են 192 տուն, 3 հիւրանոց, 2 դպրոց, բժշկական 1 հաստատութիւն, հանդիսութիւններու 1 սրահ, 4 անասնագոմ: Վնասուած է ելեկտրական 7 ենթակառուցուածք, ջրային 5 ենթակառուցուածք, 3 կազամուղ, 1 կամուրջ, 2 ճանապարհ, 1 փողոց: Թիրախ դարձած են շտապօգնութեան 2 մեքենայ, անձնական օգտագործման 4 ինքնաշարժ:

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը քանի մը ուղղութիւններով մխրճուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք: Հայաստանի Զինուած ուժերուն յամառ եւ հերոսական դիմադրութեան եւ միջազգային հանրութեան ներգրաւման շնորհիւ Ազրպէյճանի յարձակումը կասեցուած է, սակայն ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած:

Ազրպէյճանի կողմէ վարուող յարձակողական քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, ԼՂ հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը վիժեցնելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ուժային լուծումներ պարտադրելու նպատակ ունին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը որդեգրած ըլլալով խաղաղութիւն հաստատելու, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման օրակարգ՝ անընդունելի կը համարէ Ազրպէյճանի կողմէ վարուող սպառնալիքի եւ հարկադրանքի քաղաքականութիւնը:

Անվտանգութեան խորհուրդը կը յայտարարէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրեն հասու բոլոր միջոցներով պիտի պաշտպանէ իր անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը: Ազրպէյճանական զօրքերը պէտք է դուրս գան ՀՀ գրաւուած տարածքներէն:

Միջազգային հանրութեան կոչ կ՝ընենք Ազրպէյճանի վրայ շարունակաբար ճնշումներ գործադրելու՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքներու գրաւման վերջ դնելու եւ զօրքերը ետ քաշելու ուղղութեամբ եւ կ՝ողջունենք բոլոր այն երկիրները եւ կազմակերպութիւնները, որոնք հանդէս եկած են յստակ դիրքորոշմամբ:

Միեւնոյն ժամանակ կը վերահաստատենք միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամի պարտաւորութեան հաւատարիմ մնալու Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը»։