Ադամ Շիֆը Ազրպէյճանի Չհրահրուած Յարձակումը Դատապարտող Բանաձեւ Ներկայացուցած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Քոնկրեսական Ադամ Շիֆը ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնախումբի ղեկավարութեան հետ միասին շրջանառութեան մէջ դրած է երկկուսակցական օրինագիծ, որ կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու վրայ Ազրպէյճանի չհրահրուած յարձակումները:

Այդ մասին յայտնէ Ամերիկայի հայկական համագումարը՝ նշելով, որ Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուած բանաձեւը «անյապաղ եւ անվերապահ հրադադարի» եւ «Ազրպէյճանին յատկացուող բոլոր տեսակի օգնութիւնները անյապաղ դադրեցնելու» կոչ կ՝ընէ:

«Մենք կը ծափահարենք նախագահող Շիֆին եւ յանձնախումբի ղեկավարութեան Ազրպէյճանին բոլոր օգնութիւնները դադրեցնելու կոչ ընող այս պատեհաժամ բանաձեւը ներկայացնելու համար»,– ըսած է Համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայան Արտունին:

Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ Ադամ Շիֆը, Ֆրենք Փալոնը, Կաս Պիլիրագիսը, Ճէքի Սփիերը եւ Տէյվիտ Վալատաոն իրենց յայտարարութեան մէջ ըսած են. «Մենք խստօրէն կը դատապարտենք ազրպէյճանական զինուած ուժերու մահաբեր յարձակումները ինքնիշխան Հայաստանի տարածքին վրայ: Ազրպէյճանական բռնութեան այս աղաղակող աստիճանաւոր յարձակումները ցոյց կու տան, թէ որքան սանձարձակ կը դառնայ Ալիեւի վարչաձեւը, երբ անոր չհրահրուած յարձակումը կը հանդիպի միջազգային հանրութեան խուլ լռութեան ու անտարբերութեան՝ խրախուսելով Ազրպէյճանը շարունակելու եւ ընդլայնելու իր յարձակումները: Մենք կոչ կ՝ընենք Պայտընի վարչակազմին եւ Պետական բաժանմունքին միանշանակ դատապարտելու Ազրպէյճանի գործողութիւնները եւ անյապաղ դադրեցնելու բոլոր տեսակի օգնութիւնը Ալիեւի վարչաձեւին: Եւ մենք ամուր կանգնած ենք Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի կողքին՝ աջակցելով անոնց տարածքային ամբողջականութեան եւ խաղաղութեան ու ազատութեան անոնց իրաւունքին»:

Բանաձեւը կ՝ընդգծէ «Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ազրպէյճանի չհրահրուած յարձակումը» 2022 թ. Սեպտեմբեր 12 լոյս 13-ին՝ անմիջական հրետակոծութիւններով եւ անօդաչու սարքերով հարուածներ հասցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Վարդենիս, Ջերմուկ, Գորիս եւ Տաթեւ բնակավայրերուն, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի Կարմիր Շուկա եւ Թաղավարդ գիւղերուն: Կը նշուի, որ տուեալ պահի դրութեամբ ազրպէյճանական յարձակումները յանգեցուցած են առնուազն 105 հայ զինուորի եւ խաղաղ բնակիչներու մահուան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ վիրաւորներու: