Գեղարքունիքի Մարզին Մէջ 80 Վիրաւոր Կայ, Նաեւ Քաղաքացիական Անձեր․ Մարզպետ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծի` Գեղարքունիքի մարզի յարակից հատուածին վրայ արդէն շուրջ մէկ ու կէս ժամ յարաբերական անդորր է, «Sputnik-Armenia»-ին յայտնած է Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան։

«Մօտաւորապէս արդէն մէկ ու կէս ժամ է, որ կրակոցներ չկան»,- ըսած է Սարգսեան։

Գեղարքունիքի մարզպետը նաեւ յայտնած է, որ մարզի սահմանամերձ հատուածին վրայ Ազրպէյճանի ԶՈւ հրետակոծութեան հետեւանքով խոտածածկոյթը կ՝այրի։

«Ներկայ պահուն ամբողջութեամբ խոտածակոյթը կ՝այրի։ Ծուխի մէջ կորսուած է»,- ըսած է մարզպետը։

Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ Ազրպէյճանի իրականացուցած յարձակման հետեւանքով մարզին մէջ ընդհանուր առմամբ կայ 80 վիրաւոր, որոնց մէջ նաեւ` քաղաքացիական անձեր։

«Ռմբակոծուած է համայնքի վարչական շէնքը, այրած է բնակելի տուն»,- ըսած է մարզպետը։

Կարէն Սարգսեան յայտնած է, որ մարզի սահմանամերձ գիւղերու բնակչութիւնը կը շարունակէ մնալ գիւղերուն մէջ, որոշ բնակավայրերէ տարհանած են միայն երեխաները։