ՀՀ Վարչապետը Ալիեւի Հետ Հանդիպելու ու Բանակցելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած է

Աշխարհ, Հայաստան

Իբրեւ ցանկացած ժողովրդավար երկիր՝ Հայաստանը նուիրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու յանձնառութեան: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Al-Jazeera հեռուստաընկերութեան յայտնի «Talk to Al Jazeera» ծրագիրին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան գործընթացէն ետք Ատրպէյճանը աւելի յարձակողական դարձած է: «Մենք մեծ հնարաւորութիւններ ունինք Հայաստանը աւելի ժողովրդավար դարձնելու, հաւասար պայմաններ ստեղծելու, կաշառակերութեան եւ մենիշխանութեան դէմ պայքարելու հարցով: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը որոշ վախեր ունի, որ իր ժողովուրդը կրնայ ոգեշնչուիլ Հայաստանի յեղափոխութենէն ու փորձած նման փոփոխութիւններ ընել նաեւ Ատրպէյճանի մէջ: Կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանի յարձակողական հռետորաբանութեան աճը կապուած է այս իրադրութեան հետ»,- նշած է Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները երկրի ներքին խնդիրներէն բնակիչներու ուշադրութիւնը կը փորձեն շեղել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին միջոցով:

«Մենք պատրաստ ենք խաղաղ բանակցութիւններու: Կ՝ուզեմ յստակեցնել ասիկա. ես պատրաստ եմ բանակցելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ»,- յայտարարած է ՀՀ վարչապետը՝ նշելով, որ պատրաստ է հանդիպելու անոր հետ:

Ան խնդիրի լուծման հարցով կարեւոր համարած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափը: «Կը կարծեմ, որ այս ձեւաչափը ի զօրու է հակամարտութիւնը լուծելու խաղաղ ճանապարհով, եթէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառավարութիւնները համապատասխան քաղաքական կամք ցուցաբերեն:

Կրնամ վստահեցնել ձեզն ու միջազգային հանրութեան, որ ինչպէս ցանկացած ժողովրդավար կառավարութիւն, մենք իրական կամք ու ցանկութիւն ունինք հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորելու եւ պատրաստ ենք բանակցելու: Սակայն կ՝ուզեմ շեշտել, որ մենք չենք պատրաստուիր որեւէ քայլի դիմել մթնոլորտի մը մէջ, ուր մեզ կը փորձեն վախցնել»,- յայտարարած է վարչապետը:

Փաշինեան կարեւոր համարած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը: Ան ընդգծած է, որ ի տարբերութիւն Հայաստանի, ուր ատելութեան խօսք չի հնչեր Ատրպէյճանի ու ատրպէյճանցիներու նկատմամբ, պաշտօնական Պաքուն մշտապէս ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ ու նման գործելաոճէն չի խորշիր անգամ նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

 

Leave a Reply