
Զապէլ Եսայեան. արձակագիր, հանրային գործիչ
Զապէլ Յովհաննէսեան-Եսայեան ծնած է 4 Փետրուար 1878-ին, Սկիւտար (Պոլիս)։ Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ծխական վարժարանին մէջ։ Աւարտած է Սկիւտարի Ս. Խաչ վարժարանը (1892)–ին։
Իր առաջին գրութիւնը՝ «Երգ առ գիշեր» արձակ քերթուածը, հրատարակուած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ»ին մէջ, 1895-ին։
Փարիզի մէջ հետեւած է Սորպոնի եւ Գոլէճ տը Ֆրանսի գրականութեան ու փիլիսոփայութեան դասընթացներուն։
Գործակցած է Գուիտոն Լուսինեանի հետ՝ վերջինիս ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի պատրաստութեան գործին մէջ։
1908-ին, Օսմանեան սահմանադրութեան խանդավառ օրերուն, կը վերադառնայ Պոլիս, եւ, գրական ու հանրային գործունէութեամբ, տիրական անուններէն մէկը կը դառնայ մեր մտաւորականութեան։ Կ՝աշխատակցի «Ազատամարտ», «Բիւզանդիոն» եւ «Սուրհանդակ» թերթերուն, «Անահիտ» գրական հանդէսին եւ այլ հրատարակութիւններու։
Ապրիլ 24, 1915-ի ձերբակալուած մտաւորականներու ցանկերուն միակ կինն էր։ Ան յաջողած է խուսափիլ ձերբակալութենէն ամիսներով, մինչեւ որ կարողացած է անցնիլ Պուլկարիա եւ ապա Կովկաս, ուր դարձեալ լծուած է հանրային եւ գրական աշխատանքներու։
«Գործ» հանդէսին մէջ հրատարակած է ազգային հերոս Մուրատի կեանքին եւ յեղափոխական գործունէութեան մասին իր համադրական մէկ աշխատանքը։ Հայաստանի անկախութեան շրջանին, կու գայ Պոլիս եւ Եւրոպա, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան իբբեւ աշխատակից (1919)։
1933-ին վերջնականապէս հաստատուած է Երեւան։ Սակայն, 1937-ի ստալինեան մաքրագործումներու օրերուն, Եսայեան նոյնպէս ձերբակալուեցաւ ու դատապարտուեցաւ՝ աքսորի։ Մահուան պարագաները յայտնի չեն։ Վերջին նամակները, 1942-ի վերջաւորութեան, գրուած են Պաքուի բանտէն։