Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանի Կողմէ Արձանագրուած է Հրադադարի Չորս Խախտում ․ ՌԴ ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Մէկ օրուան մէջ խաղաղապահներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած է Ազրպէյճանի կողմէ 4 խախտում. զոհուած է ղարաբաղեան կազմաւորումներու երկու ներկայացուցիչ եւ վիրաւորուած 14 հոգի: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Telegram-ին մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան մասին:

«Անցած օրուան ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին վրայ հրադադարի չորս խախտում արձանագրուած է Սարիպապի եւ Պուզտուխի շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանին մէջ՝ Ազրպէյճանի ԶՈւ-ի կողմէ, որոնց հետեւանքով զոհուած են երկու եւ վիրաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու տասնչորս ներկայացուցիչներ»,- նշուած է ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած Telegram-ին մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեամբ, ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ փոխգործակցութեամբ, այդ միջադէպերը կարգաւորուած են։ Կողմերու սահմանագիծի խախտումներ չեն արձանագրուած: