Ազրպէյճանական Յատուկ Ծառայութիւններուն Սադրանքը. ԱԱԾ Պահեստազօրի Սպաների Միութիւն ՀԿ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն պահեստազօրի սպաների միւթիւն ՀԿ-ն տարածած է հետեւեալ յայտարարութիւնը՝

Յուլիս 26-ին, Խրխըզիստանի մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Ուզբեկստանի ու ընդունող երկրի պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ կայացած է թիւրքալեզու պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններու խորհրդաժողովը:

Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցած Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Ալի Նակիեւը մասնաւորապէս ըսած է` Հայաստանի ռեւանշիստական ուժերը չեն հրաժարած իրենց մտադրութենէն, հայաստանեան ընդդիմադիր ուժերը լուրջ փորձեր կը կատարեն Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու դէմ ու աւելցուցած, որ ազրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններուն աչալրջութեան իբրեւ արդիւնք՝ պիտի կանխուին ասոր հետ առնչուող իւրաքանչիւր քայլ ու գործընթաց:

Խորհրդաժողովին Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան նախարարի ելոյթը հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումներուն ուղղուած բացայայտ միջամտութիւն է, որուն նախադէպը երբեւիցէ չէ եղած:

Վստահութեամբ կրնանք փաստել, որ յիշեալ խորհրդաժողովին Ալի Նակիեւի յանդուգն ելոյթը բնորոշ չէ իրեն, բացառապէս կապուած է Հայաստանի այսօրուան ծանր վիճակին, ինչպէս նաեւ այն գիտակցութեամբ, որ իր ոչ ճիշդ ելոյթին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ համարժէք պատասխան պիտի չտրուի:

Ալի Նակիեւը այն անձն է, որ պարբերաբար մասնակցելով ԱՊՀ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ համաժողովներուն` ուշադրութիւն կը գրաւէր հայաստանեան պատվիրակութեան ներկայութենէն կաշկանդուած իր պահուածքով` ակնյայտ էր, որ ան քոմփլեքսաւորուած էր պարտուողի սինտրոմով (մօտ ապագային մեր հրատարակելիք գիրքին մէջ նաեւ պիտի անդրադառնանք, թէ ազրպէյճանական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ինչ մթնոլորտի մէջ կ՝անցնէին նման հանդիպումները):

Հետաքրքրական է, որ 2005-2011 թուականներուն զբաղցնելով Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան նախարարի առաջին տեղակալի պաշտօնը` Ալի Նակիեւը յաջողեցաւ խուսափիլ քրէական պատասխանատւութենէ այն պարագային, երբ անոր ղեկավար, զօրավար-գնդապետ Էլտար Մահմուտովն ու համակարգի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ քննութեան տակ յայտնուեցան բանդիտիզմի մեղադրանքով:

Դժուար է պատկերացնել, որ նման բարձր պաշտօն զբաղցուցած անձը կրնար զերծ ըլլալ համակարգի վերին էշելոններուն մէջ առկայ յանցաւոր երեւոյթներէն:

Զաւեշտը այն է, որ այսօր Հայաստանի ընդդիմութեան հասցէին սպառնալիքներ կը հնչեցնէ նման յանցագործութիւններու մէջ ներքաշուած կառոյցին ղեկավարը:

Նման փաստերուն չարձագանգելով` կը հեղինակազրկուի երկիրը: