Ազրպէյճանի ԶՈւ-ն Կրակած է Հայ-ազրպէյճանական Սահմանի Արեւելեան Հատուածի Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Յուլիս 28-ին, ժամը 12։00-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով լռեցուած է ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն կրակը։

Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։