Ախալքալաքի Մէջ Ծնունդները 52.77 Տոկոսով Նուազած են
2022 թուականի Յունուար 1-Յուլիս 1 արկարող ժամանակահատուածին, 2021-ի հետ համեմատ, Ախալքալաքի շրջանին մէջ ծնած եւ հաշուառուած փոքրիկներուն քանակը զգալիօրէն (52.77%) նուազած է, մինչդեռ նոյն ժամանակահատուածում արձանագրուած մահերուն թիւը գրեթէ նոյնն է: Այս մասին կը հաղորդէ JNEWS-ը՝ վկայակոչելով Վրաստանի արդարադատութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւնները։
Մասնաւորապէս՝ 2022 Յունուար 1-Յուլիս 1 երկարող ժամանակահատուածին ծնած եւ Ախալքալաքի շրջանին մէջ հաշուառուած փոքրիկներուն թիւը կը կազմէ 152, մինչդեռ անցեալ տարի, նոյն ժամանակահատուածին, անոնց թիւը կը կազմէր 288:
Ինչ կը վերաբերի մահացածներուն՝ 2022 Յունուար 1-Յուլիս 1 երկարող ժամանակահատուածին մահացած է 276 մարդ, իսկ անցեալ տարի, նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած է 267 մահ:
Այս ցուցանիշներէն մեկնելով, կարելի է եզրակացնել, որ 2022 թուականի առաջին կիսամեակին Ախալքալաքի շրջանին մէջ մահացածութիւնը 124-ով կը գերազանցէ ծնելիութիւնը, իսկ անցեալ տարի, նոյն ժամանակահատուածին հակառակն էր՝ ծնելիութիւնը 21-ով կը գերազանցէր մահացութիւնը:
