ԱՄՆ Նախագահը Այցելած է Բեթղեհեմի Ծննդեան Տաճարի Հայկական Եկեղեցին

Աշխարհ, Սփիւռք

Երուսաղէմ գտնուող ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն այցելած է Բեթղեհեմի Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցի։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Երուսաղէմի Սուրբ աթոռի դիւանապետ Յովհան Պաղտասարեան։

ԱՄՆ նախագահը հանդիպում ունեցած է Երուսաղէմի հայ պատրիարք Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ:

Նշենք, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Մերձաւոր Արեւելք իր այցելութիւնը սկսած է Իսրայէլէն։ Պայտըն պիտի այցելէ նաեւ Յորդանան գետի արեւմտեան ափ ու Սէուտական Արաբիա։

Յուլիս 14-ին, Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լաբիտ եւ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Երուսաղէմի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին հռչակագիրը: