Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Մեզի Համար Չեն Կրնար Ազատութիւններ ու Իրաւունքներ Ըլլալ. Դաւիթ Բաբայեան
Մենք ունինք մեր օրակարգը, որուն մասին միշտ կը բարձրաձայնենք եւ որեւէ բան չենք թաքցներ: Այս մասին «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ մեկնաբանելով Յունիս 16-ին Ռուսաստանում հայ համայնքի ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի ըրած այն յայտարարութիւնը, որ Արցախի իշխանութիւնները կը կիսեն Արցախի հարցով իրենց տեսակէտը:
«Արցախի ժողովրդի եւ իշխանութիւնների հաւաքական կարծիքը հետեւեալն է՝ մենք ուզում ենք, որ համապարփակ կարգաւորուի ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, ձգտում ենք, որ խաղաղութիւն լինի, բայց մեզ համար եղել է, կայ եւ կը մնայ այն փաստը, որ Արցախը չի կարող լինել Ազրպէյճանի կազմում՝ որեւէ կարգավիճակով»,- նշած է Դ. Բաբայեան:
Անդրադառնալով Վ. Խաչատուրեանի այն կարծիքին, որ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութենէն ու իրաւունքներէն պէտք է բխեցնել կարգավիճակին հարցը՝ ԱՀ ԱԳ ղեկավարը ըսած է, որ կարգավիճակը փոխկապակցուած է անվտանգութեան, իրաւունքներու հետ եւ հակառակը, բայց Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի ո՛չ իրաւունքները, ո՛չ ազատութիւնները չեն կրնար ապահովուի որեւէ ձեւով:
«Ես միշտ այս օրինակը բերել եմ, մէկ անգամ եւս կրկնեմ. համակենտրոնացման ճամբարներում խեղճուկրակ բանտարկեալները նոյնպէս ունէին իրաւունքներ եւ ազատութիւններ: Իրաւունք ունէին քնելու, ազատ էին երազներ տեսնելում, եթէ կարողանում էին քնել: Դա ի՞նչ իրաւունք է, ի՞նչ հնարաւորութիւն է: Ազրպէյճանի կազմում մեզ համար որեւէ հեռանկար չկայ: Ազրպէյճանի կազմում մեզ համար չեն կարող լինել ազատութիւններ ու իրաւունքներ: Սա է մեր մօտեցումը, եւ ես կարծում եմ՝ սա իրատեսական մօտեցում է»,- նշած է Դաւիթ Բաբայեան:
