Գանձայի Մէջ Ծնած է Բազմազաւակ Ընտանիքի 14-րդ Զաւակը

Սփիւռք

Յունիս 21-ին, Ախալքալաքի մէջ լոյս աշխարհ եկած է Նինոծմինդայի շրջանի Գանձա գիւղին մէջ բնակող Ղազարեաններու ընտանիքի 14-րդ զաւակը՝ Դանիէլը։ Այս մասին կը հաղորդէ jnews.ge-ը։

Նորածինի մայրը շատ ուրախ է, եւ կ՝ըսէ,- «Աստուած եթէ տայ, անպայման նորէն պիտի ծննդաբերեմ»:

Ղազարեաններու ընտանիքը ունի 8 որդի եւ 6 դուստր: Յակոբը, Ալեքսանը, Յովհաննէսը, Մանուկը արդէն ուսանող են, իսկ Նարէն, Յարութիւնը, Դաւիթը, Արփին, Մարիամը, Գոհարը, Մկրտիչը եւ Լուսինէն՝ դպրոցական եւ նախադպրոցական տարիքի: