Մենք Ոչխար Չենք, Որ Գան ու Մեզ Քշեն. Այդ Բոլոր Խօսակցութիւնները Լուրջ Չեմ Ընդունիր. Աղաւնոյի Գիւղապետ

Հայաստան

Վերջին քանի մը օրերուն Facebook-ի միջոցով կը քննարկուի Բերձորի հարցը, եւ շատ օգտատէրեր, «իրենց ունեցած լուրերը» հրապարակելով, կ՝ըսեն, թէ Բերձորի մէջ այլընտրանքային ճանապարհը կառուցելէ ետք՝ Աղաւնոյէն պիտի հանեն բնակչութիւնը, եւ զայն յանձնեն թշնամիին։

168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանը ըսած է, թէ չի կրնար շրջանառուող լուրերն ու խօսակցութիւնները լուրջ ընդունիլ։

«Այս լուրերը կու գան այլ տեղէն, իսկ ես Ալիեւին առհասարակ չեմ ալ լսեր։ Ճանապարհ է, թող սարքեն, մենք այստեղ ենք, ու անոնք մեր կարծիքը գիտեն։

Մեզի համար որեւէ բան չէ փոխուած, չի ալ փոխուիր։ Եթէ հիմա նախապէս որեւէ հարթակ կը ստեղծեն, նախապատրաստական ծրագիր կը փորձեն իրականացնել՝ ըսեմ, որ իրենց նպատակին պիտի չի հասնին։ Ճանապարհը թող կառուցեն, աւարտեն, կը տեսնենք։ Մենք ոչխար չենք, որ գան ու քշեն մեզ։ Ատոր համար բոլոր այդ խօսակցութիւնները լուրջ չեմ ընդունիր։ Մենք մեր օրը կ՝ապրինք, չենք ալ լսեր, թէ ինչ կ՝ըսեն»,- նշած է Անդրանիկ Չաւուշեան։

Ըստ Աղաւնոյի գիւղապետին՝ նոյնկերպ կը մտածէ նաեւ բնակչութեան մեծ մասը, եւ որեւէ պարագայի իրենց տուները պիտի չի լքեն։

«Մեր բնակչութեան մեծ մասը այդպէս ալ կը մտածէ՝ հաստատակամ են՝ պէտք է մնան Աղաւնոյի մէջ։ Մեզի չեն կրնար գումարի դիմաց առաջարկել լքել Աղաւնոն, ինչպէ՞ս կրնան առաջարկել»,- աւելցուցած է Անդրանիկ Չաւուշեան՝ անդրադառնալով տարածուած այն խօսակցութիւններուն, թէ իբր Աղաւնոյէն դուրս գալու համար նոյնիսկ բնակչութեան գումար առաջարկած են։

«Ես վերջերս բարձրաձայնած էի պետական աջակցութիւն տալու մասին, հարցուցած էի՝ ինչ կու տաք, կը հատուցէ՞ք, թէ՞ աջակցութիւն, ըսին՝ ոչ, աջակցութիւն է։ Ես ալ ըսի՝ կ՝աջակցիք՝ աջակցեցէք, ես կ՝որոշեմ, այդ գումարով անասո՞ւն առնեմ, թէ ջերմոց կառուցեմ։ 10 միլիոն պիտի առաջարկեն, ո՞վ գնահատած է իմ տունը մօտ 10 միլիոն»,- շեշտած է Աղաւնոյի գիւղապետը։

Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ Բերձորի վիճակը աւելի մտահոգիչ պիտի ըլլայ, եթէ չբնակեցուի, ատոր մասին պէտք է մտածել։

«Եթէ նոյնիսկ բերձորցիները չգան, թող այլ մարդիկ գան, հայեր։ Թող Քոբուլեթի չերթան, գան, օրինակ, 15 օրով մնան Բերձորի մէջ։ Հայրենիքը բոլորի համար է, չէ՞, թող այս ուղղութեամբ մտածեն։ Տեսնենք, Աստուած բարին կը կատարէ»,- եզրափակած է Անդրանիկ Չաւուշեան։