«Ոսկէ Ծիրան»-ը Յատուկ Ծրագիրով Պիտի Անդրադառնայ 44-օրեայ Պատերազմին. Պիտի Ներկայացուի Տարբեր Երկիրներու Նկարահանած 5 Ֆիլմ
Երեւանի շարժանկարներու «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը 2022-ին շարժանկարի արուեստի սիրահարներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ծանօթանալու յատուկ ծրագիրի, որուն ծիրէն ներս պիտի ներկայացուին ֆիլմեր, որոնք կ՝անդրադառնան Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին: Այս մասին կը յայտնէ շարժանկարի փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեան։
Աւետիսեան կը նշէ, որ 44-օրեայ պատերազմի մասին ֆիլմերէն մէկը նկարահանուած է յոյներու կողմէ, միւսը՝ արժանթինցիներու, յաջորդը՝ եգիպտացիներու: Թեմային առնչուող մէկական ֆիլմ ալ ներկայացուցած են բեմադրիչներ Հայաստանէն եւ Արցախէն:
«Մեղադրանքները, որ փառատօնը կ՝անտեսէ Արցախը, կամ՝ տարբեր ուժերու ազդեցութեան ներքոյ կը խուսանաւէ այդ թեմայէն՝ առնուազն մերկապարանոց են, քանի որ մեղադրողները անգամ չեն տեսած փառատօնին ծրագիրը, որ դեռ հրապարակուած չէ: Ցանկացած փառատօնային ընտրանի կ՝ենթադրէ ցանկացած թեմայի շուրջ ընտրուած եւ դժբախտաբար՝ չընտրուած ֆիլմեր: «Ոսկէ Ծիրան»-ը բացառութիւն չէ, ինչպէս եւ բացառութիւն չէ այն, որ այս փառատօնը իր երկրի համար ամենակարեւոր թեմային հանդէպ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ: Ատիկա պատերազմական եւ յետպատերազմեայ շրջանն է: Աւելին՝ 19-րդ «Ոսկէ Ծիրան»-ի փակման ֆիլմը հայկական անդրադարձ է 44-օրեայ պատերազմին»,- կը շեշտէ Աւետիսեան:
«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը 2022-ին պիտի իրականացուի Յուլիս 10-17: Անիկա պիտի հիւրընկալէ շարժանկարի արուեստի հանրայայտ ներկայացուցիչներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ։ Փառատօնին ծիրէն ներս պիտի ցուցադրուի շուրջ 100 ֆիլմ:
