Հաստատուեցաւ Խորհրդարանական Վերջին Ընտրութիւններուն Անօրինականութիւնը․ «Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Հայաստան

«Հայաստան» դաշինքը յայտարարութիւն տարածած է, ուր կ՝ըսուի․

«Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն դատական խորհուրդի՝ լիազօրութիւնները կասեցուած նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը հրապարակած է ձայնագրութիւն, որուն արժանահաւատութիւնը կասկածի տակ չէ դրած կողմերէն եւ ոչ մէկը։

Ձայնագրութիւնը կ՝ընդգրկէ յանցանքի ակնյայտ տարրեր, Սահմանադրական Դատարանի կազմին նկատմամբ ապօրինի միջամտութեան համեմատականներ, քրէական գործերուն միջամտութիւններու եւ յստակ պահանջներու չկատարման պարագային սպառնալիքներու փաստեր։

Այդ հանգամանքները պէտք է քննութեան առարկայ դառնան այն իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, որոնց, փաստացի, ըստ հրապարակուած ձայնագրութեան, պարտադիր կատարման ցուցումներ կրնայ տալ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի յայտնի անդամը՝ Գագիկ Ջհանգիրեանը։

Ձայնագրութիւնը նաեւ կ՝ընդգրկէ քաղաքական գործունէութեան միջամտելու խոստում, եւ անոր հետեւանքները փաստացի արձանագրուած են միջազգային հանրութեան կողմէ իբր արդար ու թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններով։

Սոյնով «Հայաստան» դաշինքը կ՝արձանագրէ․

  1. խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն օրինականութեան բացակայութիւնը, որ մեր կողմէ քանիցս հիմնաւորուած էր, այլեւս կը հաստատուի նաեւ դատական համակարգի յստակ կանխակալ տրամադրուածութեան, միջամտութեան անհերքելի փաստով,
  2. նման վարքագիծ ու արարքներ թոյլ տուած բարձրաստիճան պաշտօնեայ Գագիկ Ջհանգիրեանը այլեւս չի կրնար պաշտօնավարել,
  3. ակնյայտ է, որ Հայաստանի մէջ առկայ է մէկ մարդու բռնապետութիւն, որմով պայմանաւորուած է իրաւապահ համակարգի համակարգային կախուածութիւնն ու քաղաքականացումը։

Ստեղծուած իրավիճակէն միակ ելքը օրուան իշխանութիւններուն անյապաղ հեռացումն է։

«Հայաստան» դաշինք

20.06. 2022թ.