Եւրոպական Աւելի Քան 90 Կազմակերպութիւն Նամակ Յղած է Շառլ Միշելին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Հարցով Անոր Միջնորդութեան Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Յունիս 16-ին, եւրոպական 91 կազմակերպութիւններ, որոնք աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու մէջ, նամակ յղած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելին՝ յայտնելով իրենց խոր դժգոհութիւնը անոր վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ, որ հրապարակուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 2022 թուականի Մայիս 22-ի եռակողմ հանդիպումէն ետք։

Կազմակերպութիւնները կ՝ողջունեն Շառլ Միշելի կողմէ խաղաղութեան ուղղուած միջնորդական ջանքերը: Այնուամենայնիւ, անոնք անհրաժեշտ կը համարեն, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները հիմնուած ըլլան արդարութեան վրայ, երբ չեն արհամարուիր հայկական կողմի հիմնարար իրաւունքներն ու կարիքները, նամանաւանդ, որ վերջինս 2020թ․ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ զոհ դարձած է յարձակման:

Նամակը ստորագրած կազմակերպութիւնները կը ցաւին, որ Մայիս 23-ի յայտարարութիւնը կ՝արհամարհէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ԵՄ-ի փաստաթղթաւորուած մօտեցումներուն հիմնական սկզբունքները: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ այն փաստին, որ կ՝օգտագործուի «Ղարաբաղ» անորոշ ձեւակերպումը «Լեռնային Ղարաբաղ»-ի փոխարէն, որ յստակ տարածք ունեցող քաղաքական միաւոր է։ Նամակին մէջ մանրամասն ադրադարձ կը կատարուի այն հանգամանքին, որ Ազրպէյճանի կողմէ «Ղարաբաղ» ձեւակերպման օգտագործումը միտուած է պետական մակարդակով իրականացուող ցեղական զտման քաղաքականութեան սպասարկման:

Անդրադառնալով 2022 թուականի Մայիս 31-ին Շառլ Միշելի մամուլի խօսնակի յայտարարութեան՝ կազմակերպութիւնները երախտագիտութիւն կը յայտնեն, որ ան կարեւոր պարզաբանումներ մտցուցած եւ ընդգծած է հիմնարար սկզբունքներ։ Կազմակերպութիւնները յոյս կը յայտնեն, որ ԵՄ-ի ապագայ միջնորդութիւնը պիտի յանգեցնէ արդար եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններու մեկնարկին: Այդ նպատակով կոչ կը կատարուի Եւրոպական խորհուրդի նախագահին միջնորդութիւնը հիմնելու վեց յստակ կէտերու վրայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
17.06.2022 թ.