Արցախի Հարցով ԱԺ Արտահերթ Նիստը Չկայացաւ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած ԱԺ արտահերթ նիստը չկայացաւ։

Առաջին անգամ նիստը յետաձգուեցաւ չորս ժամով՝ բաւարար թիւ չապահովելու պատճառով։

Այս անգամ դահլիճը դատարակ էր՝ ոչ ընդդիմութիւնը ներկայ էր, ոչ ալ իշխանական պատգամաւորները։

Նշենք, որ ՔՊ-ն յայտարարած էր, որ չի պատրաստուիր ներկայ ըլլալու Արցախի հարցով ԱԺ արտահերթ նիստին։