Կենսական Անհրաժեշտութիւն Կը Համարենք «Հայ-ազրպէյճանական ու Հայ-թրքական Յարաբերութիւններու Առնչութեամբ» ԱԺ Յայտարարութեան Ընդունումը». Իշխան Սաղաթելեան
Սիրելի հայրենակիցներ,
15 կուսակցութիւններ զօրակցութիւն կը յայտնեն յայտարարութեան մէջ արտացոլուած սկզբունքներուն եւ զանոնք կը գնահատեն կենսական Հայ ժողովուրդի եւ Հայոց պետականութեան գոյութեան հարցին մէջ։
«Հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առնչութեամբ» ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու յայտարարութեան վերաբերեալ
Մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ուժերս,
Հաստատելով, որ.
– գործող իշխանութիւններուն կողմէ երկրին մէջ որդեգրուած հակասահմանադրական ընթացքը փաստացի մենիշխանութեան տարած է երկիրը,
– խորհրդարանական պետութեան ներկայացուցչական բարձրագոյն մարմնին մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, երկրի համար օրհասական այս իրավիճակին, քաղաքական մեծամասնութեան կողմէ կը մերժուին ազգային-պետական շահերուն առնչուող կարեւորագոյն քննարկումներն ու որոշումներու կայացումը,
– հետզհետէ կը խորանան Հայաստանի պետականութեան ու ազգային անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքները, կ՝անտեսուին Հայ ժողովուրդի կենսական շահերը՝ երկիրը կանգնեցնելով պետականութեան կազմաքանդման շէմին,
կենսական անհրաժեշտութիւն կը համարենք «Հայ-ազրպէյճանական ու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առնչութեամբ» ԱԺ յայտարարութեան ընդունումը:
Կը զօրակցինք յայտարարութեան մէջ արտացոլուած սկզբունքներուն եւ զանոնք կը գնահատենք կենսական Հայ ժողովուրդի եւ Հայոց պետականութեան գոյութեան հարցին մէջ:
Կոչ կ՝ընենք բոլոր քաղաքական ուժերուն, հասարակական միաւորումներուն ու անհատներուն համախմբուելու սոյն յայտարարութեան սկզբունքներուն եւ Հայ ժողովուրդի ազգային պետական շահերը արտացոլող օրակարգերուն շուրջ:
/Յայտարարութիւնը բաց է միանալու համար/։
Յայտարարութեան միացած են հետեւեալ կուսակցութիւնները՝
1. «5165 շարժում» կուսակցութիւն
2. «Ազատութիւն» կուսակցութիւն
3. «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութիւն
4. «Ազգային համաձայնութիւն» կուսակցութիւն
5. ԱԻՄ կուսակցութիւն
6. «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւն
7․ «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն
8. «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւն
9. «Ինտելեկտուալ Հայաստան» կուսակցութիւն
10. «Համերաշխութիւն» կուսակցութիւն
11. Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն
12. «Հայաստանի ժողովրդավարական ազատական միութիւն» կուսակցութիւն
13. «Հայաստանի քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն» կուսակցութիւն
14․ Ռեֆորմիստների կուսակցութիւն
15․ «Սահմանադրական իրաւունք միութիւն» կուսակցութիւն
Իշխան Սաղաթելեան
ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ,
ԱԺ ընդդիմադիր փոխխօսնակ
