30 Տարի Առաջ Այսօր Ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Դրօշակը

Հայաստան, Սփիւռք

1992 թ. Յունիս 2-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդի որոշումով ընդունուեցաւ մեր պետականութեան խորհրդանիշերէն մէկը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշակը:

Արցախի Հանրապետութեան դրօշակի հեղինակը սփիւռքահայ նկարիչ Վահէ Ֆատտալն է: ԼՂՀ առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտոնակատար Գէորգի Պետրոսեան ժամանակի ըսած է, թէ դրօշակի նախագիծը հաւանութեան արժանացած է ԼՂՀ առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Արթուր Մկրտչեանի կողմէ («Երկիր» 03.06.1992 թ.):

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշակը եռագոյն է` վերէն վար կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով, աջ կողմի երկու ծայրերէն սկսուող եւ դրօշակի մէկ երրորդ հատուածին վրայ միացող սպիտակ գոյնի հնգատամ սանդղանման զարդանախշով: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի մշտական պայքարը հարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, անկախութեան եւ ազատութեան համար: Կապոյտ գոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի տակ: Նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը:

«Ապառաժ»