Կը Դատապարտենք ՀՀ Վարչապետի Աշխատակազմի Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատարի Պառակտիչ Յայտարարութիւնները

Հայաստան, Սփիւռք

Վերջերս Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը սփիւռքահայ զանազան համայնքներու կողմէ ՀՀ իշխանութիւններու կիրառած հայադաւ եւ ազգակործան գործունէութեան դէմ կազմակերպուած հանրահաւաքները անուանած է «պետական դաւաճանութիւն», անտեսելով իրենց իշխանութեան միջոցով հռչակած «ժողովրդավարական արժէքներ»-ը։

Փաշինեանի իշխանութեան այս հլու յանձնակատարը, հակառակ իր կոչման՝ փոխանակ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւն ստեղծելու, նոյնացնելով հայոց պետականութեան վեհ արժէքը իշխանութիւններու հետ, դժբախտաբար լծուած է երկպառակտութիւն եւ թշնամութիւն սերմանելու ցաւալի, բայց եւ ի սկզբանէ ձախողած գործին։

ՀՅԴ Իրանի Հարաւային շրջանի կազմակերպութեան անունով խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի իշխանութիւններու եւ անոր ներկայացուցիչներու այս գործունէութիւնն ու քաղաքականութիւնը, յիշեցնելով որ Դաշնակցութեան համար անժամանցելի ու անսակակարկելի արժէքներ են Հայաստանն ու հայ ժողովուրդի իրաւուքները, որոնց կարեւորագոյն գրաւականն է ազգային հզօր պետականութիւնը։

17 Մայիսի 2022
Նոր Ջուղա- Իրան