«Միջին Արեւելքէն Ներս Միջ-եկեղեցական Գործակցութիւնը Հրամայական Է Որ Նոր Ծաւալ Ստանայ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աշխարհ, Սփիւռք

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) բացման նիստին յատուկ կերպով խօսք առնելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը կարեւորութեամբ շեշտեց շրջանին մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան նոր մղում եւ ծաւալ տալու հրամայականը: «Հսկայ տագնապներու դիմաց է Միջին Արեւելքը. տագնապներ, որոնց անմիջականօրէն ենթակայ են նաեւ եկեղեցիները: Այս կացութեան դիմաց սովորական գործակցութենէ անդին անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել ներ-եկեղեցական ու միջ-եկեղեցական կեանքը ու ճշդել առաջնահերթութիւնները, որոնք ըլլան համահունչ ներկայ պայմաններուն», ըսաւ Արամ Ա․ եւ վեց կէտերու մէջ ամփոփեց իր խօսքը.-

«1) Եկեղեցւոյ միութիւնը տեսական յղացք կամ աստուածաբանական համաձայնութիւն չէ շրջանէն ներս: Անիկա պէտք է ըմբռնուի որպէս համապարփակ գործակցութիւն եկեղեցիներու միջեւ: Այս ծիրէն ներս Յարութեան տօնը միասին տօնելը հրամայական է: Անհրաժեշտութիւն մըն է սա, որ պարզապէս կը կարօտի եկեղեցական տոմարի որոշ փոփոխութեան:

«2) Աստուածաբանական ու եկեղեցագիտական ծրագիրներէն առաջ ժամանակն է, որ թէ՛ ՄԱԵԽը եւ թէ եկեղեցիները առաջնահերթութիւն տան քրիստոնէական դաստիարակութեան, հովուական առաքելութեան, ընկերային ծառայութեան եւ եկեղեցւոյ կեանքի այլ գործնական երեսներուն վերաբերող ծրագիրներուն:

«3) Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներուն արտագաղթը նոր թափ ստացած է վերջին տարիներուն՝ շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն ու յառաջացող տագնապներուն պատճառաւ: Առանց քրիստոնէական ազդու ու կազմակերպ ներկայութեան Միջին Արեւելքը պիտի կորսնցնէ իր իւրայատուկ նկարագիրը: Այս երեւոյթը կրնայ իր ժխտական հետեւանքները ունենալ ողջ շրջանին համար: Հետեւաբար, եկեղեցիներ միասնաբար պէտք է դիմեն ազդու միջոցներու՝ կասեցնելու համար քրիստոնեաներու արտագաղթը:

«4)  Սփիւռքի եկեղեցիներուն հետ Միջին Արեւելքի մայր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը անհրաժեշտ է որ ծաւալի: Որեւէ ժամանակէ աւելի շրջանի եկեղեցիները կարիքը ունին Սփիւռքի իրենց համայնքներու զօրակցութեան եւ օժանդակութեան՝ յատկապէս կրթական ու ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս:

«5) Իսլամներուն հետ գոյակցութիւնը իր աստուածաբանական երկխօսութենէն անդին պէտք է դառնայ գոյութենական գործակցութիւն երկու կրօնները իրարու միացնող հասարակաց արժէքներու ու մտահոգութիւններու շուրջ: Այս ուղղութեամբ Խորհուրդը կոչուած է դիմելու կարեւոր նախաձեռնութիւններու շրջանի իսլամական գլխաւոր կեդրոններուն հետ:

«6) ՄԱԵԽը եկեղեցիներէն դուրս կազմակերպութիւն մը չէ: Խորհուրդը եկեղեցիներն են: Հետեւաբար, ի՞նչ ձեւով կրնան եկեղեցիները աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել Խորհուրդի աշխատանքներուն: Իսկ միւս կողմէ, ի՞նչ ձեւով կրնայ Խորհուրդը դառնալ ծառայական ներկայութիւն եկեղեցիներու կեանքէն ներս»:

Ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք վերոյիշեալ կէտերը, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ վերոյիշեալ մտահոգութիւնները եւ ծրագիրները համապարփակ կերպով պէտք է քննարկուին թէ՛ Խորհուրդին եւ թէ եկեղեցիներուն կողմէ՝ նոր պայմաններու լոյսին տակ։

Իր խօսքի աւարտին Արամ Ա․ շեշտեց ՄԱԵԽը վերակազմակերպելու հրամայականը: