«ՈՍԿԻ ՍԵՐՄԵՐ» Երախտիքի եւ Յարգանքի Կրթամրցանակներու Յանձնման Արարողութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, «Հայ Ձմեռ Պապ» բարեգործական հիմնադրամը եւ «Գէորգ Հաճեանի յիշատակ»-ի մշակութային հիմնադրամը կը հրաւիրեն մասնակցելու «ՈՍԿԻ ՍԵՐՄԵՐ» երախտիքի եւ յարգանքի կրթամրցանակներու յանձնման արարողութեան։

Նպատակը՝ Արցախեան գոյամարտերուն զոհուած հերոսներու յիշատակը յաւերժացնել, անոնց անունները շաղկապելով կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացման գաղափարին։

Տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի 19 Մայիս, ժամը 17։00-ին, երաժշտանոցի ակուստիկ տարրալուծարանին մէջ։

Նշենք, որ ՈՍԿԻ ՍԵՐՄԵՐ Գէորգ Հաճեանի անուան երախտիքի կրթամրցանակով կը պարգեւատրուին իւրաքանչիւր կիսամեակ նախապէս իրականացուած մրցոյիթի յաղթողները։ Անիկա նուիրուած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս, երգիչ-խմբավար Գէորգ Հաճեանի խնկելի յիշատակին։

Գէորգն ու իր նման հազարաւոր հայրենասէր հերոսներ մեր ոսկի սերմերն են, որոնք պիտի ծլարձակին. «Մեզի թաղեցին, բայց չէին գիտեր, որ մենք սերմեր ենք»։

Կրթամրցանակի հովանաւորներ՝

Ֆրիտա եւ Թաթուլ Հաճեաններ,

Յակոբ Ճանպազեան,

Գէորգ Հաճեանի Մուսալեռցի հայրենակիցներ