«Արցախն Ապրում է» Խորագիրով Մշակութային Մեծ Փառատօն՝ Արցախի Մէջ
Genesis Armenia — Ջենեսիս Արմենիա ուղեղային կեդրոն/հիմնադրամը 2022թ. Մայիս 19-28 Արցախի մէջ կը կազմակերպէ մշակութային մեծ փառատօն, որուն ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան թատերական ներկայացումներ, ֆիլմի ցուցադրութիւն, ազգային պարի բաց դասեր, մշակութային քննարկումներ եւ ռազմահայրենասիրական մեծ համերգ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։
«Արցախն ապրում է» խորագիրով փառատօնի անմիջական հովանաւորն է Genesis Armenia-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Վարդանեանը՝ տիկնոջ՝ Աննա Դադասեանի հետ միասին։ Մշակութային փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի բարձր հովանաւորութեամբ։
Փառատօնին նպատակն է նոր շունչ տալ յետպատերազմական Արցախի մշակութային կեանքին, ամրապնդել հաւատը սեփական ուժերուն նկատմամբ, նպաստել հոգեւոր արժէքներու զարթօնքին։
Մայիս 19-24, Համազգային թատրոնի դերասանները պիտի այցելեն Ստեփանակերտ, Մարտակերտ, Մարտունի քաղաքներ, Ճարտար եւ Աղաւնօ համայնքներ։ Բեմ պիտի բարձրանան «44 աստիճանի վրայ», «Լոռեցի Սաքոն» եւ մանկական «Գծաւորը» ներկայացումները, այնուհետեւ բոլոր շրջաններուն մէջ դերասանները հանդիպում-քննարկումներ պիտի ունենան պետական կառոյցներու, մշակոյթով հետաքրքրուած գործիչներու եւ հանդիսատեսի հետ։
Փառատօնին ծիրէն ներս, Ստեփանակերտի մէջ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Սահակեանցի «Օլիմպիկոսը» ֆիլմը, որուն պիտի յաջորդէ քննարկում արուեստի, շարժանկարի ու մուլթիբլիգացիայի վերաբերեալ։
«Ծխախոտի վնասի մասին» մենաներկայացումով հանդէս պիտի գայ բեմադրիչ, դերասան Արա Գէորգեան։
4 օր շարունակ, Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ, ազգային պարի բաց դասեր պիտի իրականացնէ ջենեսիսական, Արցախի վերջին պատերազմի մասնակից, պարուսոյց Միհրան Կոստանեան։
Մայիս 28-ին՝ Առաջին հանրապետութեան օրը, փառատօնը պիտի ամփոփուի ռազմահայրենասիրական երգերու մեծ համերգային ծրագիրով՝ պատերազմէն ետք առաջին անգամ։ Ելոյթ պիտի ունենան ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտներ, ժողովրդական երգիչներ:
