Թուրք Վերլուծաբանը Տագնապած է ԱՄՆ-ի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայի Դասաւանդման Օրինագիծէն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թրքական «HaberTurk» լրատուամիջոցի վերլուծաբան Քիւրշատ Զորլուն իր սիւնակով անդրադարձած է ԱՄՆ-ի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման դասաւանդելու մասին նոր օրինագիծին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով haberturk.com-ը։

«Ապրիլ 24-ին ընդառաջ արդեօ՞ք մենք տեղեակ ենք ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ պատրաստուող այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան մասին օրինագիծէն» յօդուածով Զորլուն կը յիշեցնէ, որ ԱՄՆ նախագահները ապրիլքսանչորսեան ամենամեայ ուղերձներ կ՝ընէին։ Իսկ 2021-ին, երբ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, խնդիրը կարծես թէ տեղափոխուեցաւ որակապէս նոր փուլ։

«Կը թուէր, թէ այդպիսով վերջ պիտի դրուի դամոկլեան սուրի պէս կախուած ամենամեայ այդ ուղերձներով Թուրքիոյ վրայ կիրառուող ճնշումներուն, բայց ոչ, ատիկա ակնյայտօրէն կը քաջալերէ նոր որոշումներու եւ կարգաւորումներու ընդունումը։ Ահաւասիկ անոնցմէ մէկը, որ այժմ կը պատրաստուի ներկայացուիլ ԱՄՆ նախագահ Պայտընի վաւերացման, եթէ Քոնկրեսը ընդունի զայն»,- գրած է թուրք վերլուծաբանը։

Ան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ յիշեալ օրինագիծին ետեւը կանգնած է ANCA-ն (Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը): Օրինագիծը կազմուած է քոնկրեսականներ Քերոլին Մալոնիի (Դեմոկրատ, Նիւ Եորք) եւ Կաս Պիլիրագիսի (Հանրապետական, Ֆլորիտա) կողմէ՝ իբրեւ իրաւական հիմք ունենալով դեռ 2019-ին ԱՄՆ Ծերակոյտին ընդունած այն որոշումները, որոնք կը վերաբերին ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման եւ անոր շուրջ հանրային կարծիքի ձեւաւորման։

Եթէ ​​օրինագիծը ընդունուի եւ ուժի մէջ մտնէ՝ ցեղասպանութեան թեմային առնչուող կրթական նպատակներու համար 5 տարուայ ընթացքին Քոնկրեսի գրադարանին պիտի հատկացուի 10 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում։ Ի դէպ օրէնքի նախագիծին մէջ կը յիշատակուին ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ յոյները, ասորիները, քաղդեացիները, արամէացիները, մարոնիները եւ այլ քրիստոնեաներ։

«Չեմ գիտեր, ասոր դէմ ինչպէս պիտի պայքարին Թուրքիոյ համապատասխան կառոյցները, բայց օրէ օր կ՝աւելնայ այդ օրինագիծին աջակցող քոնկրեսականներուն թիւը»,- կը տագնապի յօդուածին հեղինակը՝ մտավախութիւն յայտնելով, որ ԱՄՆ-ի կրթական համակարգին մէջ ցեղասպանութեան հարցի ուսուցման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը, դպրոցներու մէջ հայկական թեզերուն համապատասխանեցուած ուսումնական ծրագրերու դասաւանդումը ըստ էութեան պիտի դաստիարակէ սերունդ մը, որ Թուրքիոյ նկատմամբ կանխակալ մօտեցում եւ հաւանաբար նոյնիսկ թշնամանք ունենայ։

Զորլուի համոզումով՝ այս գործընթացը աւելի վտանգաւոր է, քան տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունումը:

«Արժէ քննել եւ հասկնալ, թէ Թուրքիոյ համապատասխան կառոյցները ինչ քայլեր կը ձեռնարկեն այս վտանգին սեփական թեզերով դիմակայելու եւ գործընթացը կասեցնելու համար»,- կ՝եզրափակէ յօդուածը։