Այսօր Տեղի Ունեցած է Մեծագոյն Խայտառակութիւն․ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներուն Արգիլած Են Արցախ Մուտք Գործել

Հայաստան

Այսօր տեղի ունեցած է մեծագոյն խայտառակութիւն․ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն արգիլած են մուտք գործել Արցախ։ Այս մասին գրած է
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արեգնազ Մանուկեան։

«Ռուս խաղաղապահները հասկցուցած են, որ իրենք որեւէ խնդիր չունին պատգամաւորներուն մուտքը արգիլելու Արցախ՝ յատկապէս, որ ընդդիմադիր պատգամաւորներէն շատերը բազմիցս եղած են Արցախի մէջ 2020թ․ պատերազմէն ետք։ Խաղաղապահները ըսած են, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու համատեղ որոշումով կազմուած է պատգամաւորներու ցուցակը, եւ իրենք պարզապէս կը կատարեն անոնց ցանկութիւնը, քանի որ իբրեւ խաղաղապահ՝ չէին կրնար մերժել։

«Ասիկա հերթական անգամ ցոյց կու տայ, որ այսպէս կոչուած անմիջական կապը, որ հաստատուած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ, կը գործէ ստուերային համաձայնութիւններու ծիրէն ներս, եւ նոյնինքն Հայաստանի ընդդիմադիր պատգամաւորները յայտարարեցին Արցախ մեկնելու մասին, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի իշխանութիւնները անմիջապէս արձագանգեցին։

«Ասիկա Ալիեւի և Փաշինեանի համատեղ ջանքն է, որ կը յուշէ, որ Արցախը Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները կը տեսնեն Ազրպէյճանի կազմին մէջ։

«Արգիլելով ընդդիմադիր պատգամաւորներուն մուտքը Արցախ՝ նաեւ կ՝ուզեն ցոյց տալ, թէ իբր այդ պատճառով է, որ իրենք ալ չեն կրնար երթալ, մինչդեռ իրականութիւնը այն է, որ իրե՛նք ամէն ինչ ըրած են, որպէսզի պատգամաւորներուն մուտքը Արցախ արգիլուի։

«Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ օրուան իշխանութիւնները պէտք է ցանկացած քաղաքական գնով հեռացնել, աւելի ճիշդ՝ վռնտել Հայաստանի իշխանական համակարգէն»։