
ԱՄՆ Քոնկրեսականները Պետական Բաժանմունքին Կոչ Ըրած են Միջոցներ Ձեռնարկելու Ալիեւի Ռազմատենչ Գործողութիւններուն Դէմ
ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահները Պետական բաժանմունքին կոչ ըրած են օգտագործելու իրենց ձեռքի տակ եղած դիւանագիտական բոլոր գործիքները՝ Ազրպէյճանի նախագահի ռազմատենչ գործողութիւնները դադրեցնելու, զինք բանակցութիւններու սեղանի շուրջ վերադարձնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ 168.am-ը։
Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնը, Կաս Պիլիրագիսը, Ճէքի Սփէյըրը, Տէյւիտ Վալատաոն եւ Ադամ Շիֆը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժման առնչութեամբ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս շեշտած են. «Մենք կը դատապարտենք Ազրպէյճանի վերջին գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»։
Քոնկրեսականները ընդգծած են, որ Ազրպէյճանի զօրքերու տեղաշարժը դէպի Արցախի հող, անոնց կողմէ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումը եւ այդ տարածքին մէջ խաղաղ բնակիչներուն բնական կազի հիմնական աղբիւրէն զրկելը 2020 թուականի հրադադարի խախտում է եւ սպառնալիք է անմեղ մարդոց համար:
«Միացեալ Նահանգները պէտք չէ աչք փակէ վտանգաւոր գործողութիւններու այս յստակ օրինակին վրայ, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար։ Մենք կոչ կ՝ընենք Պետական բաժանմունքին օգտագործելու իրենց ձեռքի տակ եղած դիւանագիտական բոլոր գործիքները՝ դադրեցնելու Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի ռազմատենչ գործողութիւնները եւ զինք վերադարձնելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան խաղաղ գործընթացին միջոցով»,-ըսուած է քոնկրեսականներու յայտարարութեան մէջ: