
Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը Համայնքային Կազմակերպութիւններու Համատեղ Միութիւն Ձեւաւորած Են
Երկար ժամանակ է, որ Հայ Դատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբը կ՝աշխատի Ազրպէյճանը ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան բոլոր տեսակներէն զրկելու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ամերիկեան ռազմական սարքերու վաճառքը կանխելու ուղղութիւններով։
Ըսուածը կ՝ենթադրէ բազմաբնոյթ աշխատանք` սկսեալ համայնքային համախմբումէն մինչեւ Քոնկրեսի քանի մը յանձնաժողովներու, պետական եւ պաշտպանութեան բաժանմունքներու հետ յարաբերութիւններ եւ այլն։ Խնդիրը աւելի կը բարդանայ Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլալուն պատճառով։
2020թ․ Արցախի նկատմամբ ազրպէյճանա-թրքական յարձակման ժամանակ, ամերիկեան ռազմասարքերու կիրառումը, ի դէմս «Պայրագթար» անօդաչուներու առանձին մանրամասներուն եւ F-16 կործանիչներուն, ամերիկեան օրէնսդրութեան կոպիտ խախտում է այն առումով, որ ԱՄՆ ոլորտային օրէնսդրութեան համապատասխան՝ ԱՄՆ ռազմական արտադրանքը չի կրնար կիրառուիլ երրորդ երկրի կողմէ եւ յատկապէս չի կրնար կիրառուիլ թիրախաւորելով խաղաղ բնակչութիւնը։
Այս եւ պատերազմական յանցագործութիւններու տարրեր ընդգրկող բազմաթիւ այլ հանգամանքներ վկայակոչելով՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը երկարատեւ աշխատանք իրականացուցած է ռազմական օժանդակութեան ու զէնքի վաճառքին վերաբերող ազրպէյճանա-թրքական նկրտումները ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ ձախողելու ուղղութեամբ։ Յանձնախումբի ջանքերուն իբրեւ արդիւնք՝ Փետրուարի սկիզբը առաւել քան 50 քոնկրեսականէ բաղկացած երկկուսակցական խումբը միացած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնին եւ Կուս Պիլիրագիսին՝ ԱՄՆ պետական եւ պաշտպանութեան բաժանմունքներէն պահանջելով արգելափակել չորրորդ սերունդի F-16 կործանիչներու եւ արդիականացման սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ:
Մարտի սկիզբը ԱՄՆ կառավարութեան հաշուետուողականութեան գրասենեակը հրապարակած էր զեկոյց՝ արձանագրելով, որ ԱՄՆ պետական եւ պաշտպանութեան բաժանմունքները 2014-2020թթ. հաշուի չեն առած Հայաստանին ու Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութեան ազդեցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը չխախտելու ծիրէն ներս։
Պետական մարմինները Քոնկրեսը պատշաճ չեն ծանուցած նաեւ Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ համոզուած չեն եղած, որ տրամադրուող օժանդակութիւնը չ՝օգտագործուիր ընդդէմ Հայաստանի։
Այս եւ ասոնց նախորդող բազմաթիւ այլ զարգացումներ, որոնցմէ, օրինակ, ամիսներ առաջ 2020թ․ պատերազմի ընթացքին ամերիկեան ռազմական սարքերու օգտագործման հետաքննութեան մասով ԱՄՆ Քոնկրեսի որոշումը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար ԱՄՆ-ի հետ ռազասարքաւորման համագործակցութեան առումով ստեղծած են բաւական անբարենպաստ իրավիճակ, որմէ երէկ դժգոհած է նաեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եուլուսի Աքարը։ Վերջինս CNNturk-ի եթերով յայտարարած է, որ հայկական եւ յունական լոպպիները ԱՄՆ Քոնկրեսին մօտ կ՝արգելափակեն նոր F-16 կործանիչներու եւ արդիականացման սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ։
Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին վաճառուող/տրամադրուող ամերիկեան ռազմական արտադրանքի վրայ արգելանք դնելու համար Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը ձեւաւորած է տարբեր ժողովուրդներու համայնքային կազմակերպութիւններու միութիւն, ուր ներառուած կազմակերպութիւններուն թիւը կ՝անցնի մէկ տասնեակը՝ ներառելով յունական, ասորական, քրտական, հրէական եւ այլ կազմակերպութիւններ։
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ հասնելու Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան բացառման եւ «907-րդ յօդուածի» պահանջներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ ռազմական սարքերու առեւտուրի դադրեցման։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ