
ՀՀ ԱԳՆ-ն Կ՝ակնկալէ, որ Ռուս Խաղաղապահ Զօրքերը Միջոցներ Պիտի Ձեռնարկեն, որ Ազրպէյճանի Զօրքերը Անյապաղ Վերադառնան Ելման Դիրքեր
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ.
«Այսօր ժամը 16:00-ի սահմաններուն ազրպէյճանական զինուած ուժերը՝ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատւութեան գօտիէն ներս՝ խախտած են Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծը եւ ներխուժած են Արցախի Փառուխ գիւղ։
Ազրպէյճանի այս յարձակողական գործողութիւնները մէկ անգամ եւս կը վկայեն, որ պաշտօնական Պաքուն կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, համաձայն որուն` կը դադրեցուէին ռազմական գործողութիւնները, կողմերը կանգ կ՝առնէին իրենց զբաղցուցած դիրքերուն վրայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սահմանագիծի երկայնքով կը տեղակայուէր Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմը։
Այս գործողութիւններուն նախորդած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը սնուցող միակ կազատարի աշխատանքի ամբողջական խափանումը, մեծ տրամաչափի զինատեսակներէ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը, արցախահայութիւնը ահաբեկող սպառնալիքները եւ ցեղական զտման ուղղուած այլ քայլեր։
Աւելին, Եւրոպայի մէջ անվտանգային իրավիճակի կտրուկ սրման հետ մէկտեղ, Պաքուի նմանօրինակ գործողութիւնները լրջօրէն կը վտանգեն տարածաշրջանային կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը։
Կ՝ակնկալենք, որ ռուս խաղաղապահ զօրքերը, որոնց պատասխանատւութեան գօտիէն ներս տեղի կ՝ունենայ սադրանքը, միջոցներ պիտի ձեռնարկեն, որպէսզի Ազրպէյճանի զօրքերը անյապաղ վերադառնան ելման դիրքեր եւ անշեղօրէն պահպանեն Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները։
Միջազգային հանրութեան կոչ կ՝ընենք յստակ գնահատական հնչեցնելու խաղաղութեան գործընթացը ձախողելուն ուղղուած Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն առնչութեամբ եւ աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հասնելու ջանքերուն»: