Ազրպէյճանի Յանցաւոր ու Լկտի Վարքագիծը Ապտակ է Ողջ Քաղաքակիրթ Մարդկութեան, Որ Կը Շարունակէ Յամառօրէն Լուռ Մնալ. Արցախի ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Facebook-ի իր էջով տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի․

20-րդ դարասկիզբը Արցախի հայութեան նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանական գործողութիւնները, 1921թ. Խորհրդային Ազրպէյճանին բռնակցելէ ետք արցախահայութեան նկատմամբ 70-ամեայ հալածանքները, համակարգուած խտրականութեան ու ցեղական ատելութեան բացայայտ եւ ուղղորդուած քայլերը, արցախահայութեան ազատ կամարտայայտութեան բռնանալու համար 1988-էն Սումգայիթի, Պաքուի, Գանձակ-Կիրովաբադի եւ այլ բնակավայրերու մէջ կազմակերպուած ցեղասպանական ակտերը, 1990-ականներուն պարտադրուած պատերազմը, 2016թ. Ապրիլեան յարձակումը, 2020թ. ռազմական յանցագործութիւններով ողողուած 44-օրեայ պատերազմը եւ 2020թ. Նոյեմբեր 9-էն ետք առ այսօր Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան բոլոր յանցաւոր քայլերը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք նման ծաւալի յանցագործութիւնները կանխելու համար միջազգային հանրութեան կողմէ տասնամեակներու ընթացքին ձեռնարկուած հաւաքական միջոցառումները զերոյացնելու փորձեր են:

Ազրպէյճանը բացայայտ, հրապարակային յստակ ցեղական խումբի ոչնչացման, տեղահանման եւ հայրենազրկման «վարպետաց դաս» կու տայ աշխարհին, որ նոյնիսկ կը զլանայ դատապարտող յայտարարութիւն ընելու: Այդ է պատճառը, որ Ազրպէյճանը գրեթէ ամէն օր կը զարգացնէ իր զինանոցը եւ յանցանքի կատարման գործիքներն ու միջոցները, այդ է պատճառը, որ այսօր Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, բացայայտօրէն ոտնահարելով 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, արդէն կը համարձակի գրաւել խաղաղ բնակավայրեր, Արցախի 120,000 բնակչութիւնը ձգել առանց ջեռուցման ու տաք ջուրի, բռնի տեղահանել անոնց. այսպէս կարելի է անվերջ թուարկել:

Իսկ կազամատակարարման դադրեցումը եւ անկէ բխող մարդասիրական աղէտը իր երկրի ներքին գործ համարելու վերաբերեալ ազրպէյճանական կողմի պնդումներուն նման պնդումներ կ՝ընէր Նացիստական Գերմանիոյ ղեկավարութիւնը Նիւրնպերկեան դատավարութեան ժամանակ՝ իրականացուած զանգուածային յանցագործութիւնները արդարացնելու նպատակով։

Միջազգային հանրութեան յարգելի ներկայացուցիչներ, փաստերն ու վկայութիւնները առաւել քան բաւարար են գործի դնելու համար ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները, զանգուածային յանցաւոր չարագործութիւնները կանխելու եւ դադրեցնելու համար ձեւաւորուած «պաշտպանելու պատասխանատւութեան» չափանիշը, ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը ու փրկելու Արցախի հայութիւնը ցեղական զտման եւ ցեղասպանութեան ենթարկուելէ:

Այլ տարբերակ ուղղակի չկայ, վերջապէս հասկցէք, յանցագործը կը պատժեն, ոչ թէ կը բանակցին անոր հետ: