Շուշին Վերածնուած է 1992-ի Մայիսին եւ Կրկին Պիտի Վերածնուի. Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ Յայտարարութիւնը՝ Շուշիի Հայ Բնակչութեան Ջարդերու 102-րդ Տարելիցին Առիթով

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերու 102-րդ տարելիցին առիթով։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.

«Այսօր մենք գլուխ կը խոնարհենք Շուշի քաղաքի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ։ Ջարդերը իրականացուած են նորաստեղծ Ազրպէյճանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ 102 տարի առաջ՝ 1920 թ․ Մարտ 22-26։ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումներով դրդուած այդ հրեշաւոր յանցագործութեան զոհը դարձան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որոնցմէ շատերը դաժանաբար սպանուեցան, իսկ ողջ մնացածները արտաքսուեցան իրենց տուներէն։ Արցախի մայրաքաղաքը եւ պատմամշակութային կեդրոնը հանդիսացող Շուշիի մեծ մասը ամբողջովին աւերուեցաւ եւ աւերակներու մէջ մնաց մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը, երբ հիմնովին քանդուեցաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ։ 
 
Շուշիի կոտորածը, որուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած են թուրք սպաներն ու էմիսարները, բանթուրքական գաղափարախօսութեան իրականացման ծիրէն ներս հայերու ցեղասպանութիւնը Արեւելեան Հայաստան տեղափոխելու հերթական փորձն էր։
 
Իր դաժանութեամբ սահմռկեցնող այս ողբերգութիւնը ցոյց տուաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու իրական նպատակները Արցախի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ։ Անիկա ոչ միայն փոխեց Շուշիի ժողովրդագրութիւնը, այլեւ անջնջելի հետք ձգեց քաղաքի մթնոլորտին վրայ եւ կանխորոշեց յետագայ գործընթացները։
 
Գրեթէ 70 տարի անց ազրպէյճանական իշխանութիւնները կրկին դիմեցին իրենց զինանոցի փորձուած գործիքին՝ անմեղ հայ բնակչութեան կոտորածին եւ տեղահանութեան՝ զանգուածային սպանութիւններ եւ ջարդեր կազմակերպելով Սումգայիթի, Պաքուի, Գանձակի (Կիրովաբադ) եւ նախկին ազրպէյճանական ԽՍՀ այլ բնակավայրերու մէջ։
 
2020 թուականին ողբերգութիւնը կրկնուեցաւ։ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ յարձակման ընթացքին Ազրպէյճանը գրաւեց Շուշին, որ յանգեցուց քաղաքի հայաթափման։

Ինչպէս 1920 թուականին, այնպէս էլ 2020թ․-ին Ազրպէյճանը կը ձգտէր ոչ միայն ոչնչացնել Շուշի քաղաքի եւ ամբողջ Արցախի հայ բնակչութիւնը, այլ նաեւ ջնջել անոր պատմութիւնը, մշակոյթն ու ոգին։ Իր որդեգրած այդ ռազմավարութեան Ազրպէյճանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ցայսօր։
 
Այնուամենայնիւ, անհնար է ոչնչացնել Շուշիի հայկական ոգին, որ անքակտելիօրէն կապուած է Արցախի հետ։ Անիկա վերածնուած է 1992 թուականի Մայիսին եւ կրկին պիտի վերածնուի»: