Թշնամիին Երազանքը Մեզի Մեր Հողէն Կտրելն է. Խնապատ Համայնքի Ղեկավար (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

Ասկերանի շրջանի Խնապատ գիւղի համայնքապետ Սամուէլ Շահրամանեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ անցնող օրերուն խուճապային տրամադրութիւններ չեն նկատուած գիւղին մէջ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

«Կրակոցներ եղած են գիւղին ուղղութեամբ, սակայն, բարեբախտաբար, գիւղի տարածք չեն հասած եւ որեւէ վնաս չեն պատճառած։ Բնակիչները բնականաբար մտահոգ են, սակայն, կ՝ապրին բնականոն կեանքով. դպրոցը արձակուրդի մէջ է, իսկ մանկապարտէզը կը շարունակէ աշխատիլ»,- ըսած է Ս. Շահրամանեան։

Անոր խօսքով՝ թշնամիին երազանքը մեզի մեր հողէն կտրելն է, որքան հնարաւոր է շատ վնաս պատճառելը։

Համայնքի ղեկավարը հրատապ կը համարէ գիւղին մէջ ապաստարաններու եւ գիւղին համար անվտանգութիւն ապահովող այլ շինութիւններու կառուցումը, որուն մասին արդէն իսկ տեղեկացուցած են պատկան մարմինները։