ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւնը Արցախի Մէջ Տիրող Իրավիճակին Մասին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ազրպէյճանական շարունակական սադրանքները ստեղծած են անվտանգութեան եւ մարդկային իրավիճակի նոր սպառնալիքներ։

Ազրպէյճանի բռնատիրական զօրքերը դիտաւորեալ կերպով վնասած են Հայաստանէն Արցախի Հանրապետութիւն մտնող կազատարը, կը խոչընդոտեն կազատարի վերանորոգման աշխատանքներուն, տեւական ժամանակ է, որ արցախցիները զրկուած են կազէ։ Կազատարի չգործելու պատճառով խնդիրներ յառաջացած են նաեւ ելեկտրամատակարարման համակարգէն ներս։ Բնականոն քաղաքացիական կեանքը Արցախի մէջ կաթուածահար վիճակի մէջ է, եւ մարդիկ կանգնած են մարդկային աղէտի շեմին։ Միաժամանակ, վերջին օրերուն ընթացքին, յաճախակի եւ պարբերական բնոյթ ստացած են միջին եւ խոշոր տրամաչափի զինատեսակներով Արցախի խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծումներն ու սադրիչ գործողութիւնները։ Ակնյայտ է, որ, օգտուելով առիթէն, Ազրպէյճանը հետեւողականօրէն կը փորձէ ամէն կերպ հեղինակազրկել ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը եւ հասնիլ Արցախի հայաթափման։

Կտրուկ մերժելի համարելով Հայաստանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած անգործութիւնը ազրպէյճանական յանցաւոր այս վարքագիծին նկատմամբ, անընդունելի համարելով միջազգային հանրութեան կրաւորական կեցուածքը՝ փաստենք, որ համապատասխան արձագանգի բացակայութիւնը կը քաջալերէ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայաթափման ուղղուած քաղաքականութիւնը եւ կը խրախուսէ Արցախի Հանրապետութեան վրայ ռազմաքաղաքական ճնշման սաստկացումը։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, զօրակցութիւն յայտնելով Արցախի Հանրապետութեան ու Արցախի ժողովուրդին, ուղերձ կը յղէ՝

  1. միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն եւ օտարերկրեայ պետութիւններուն՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղական զտման քաղաքականութիւնը եւ ճնշում բանեցնելու Ազրպէյճանի կառավարութեան վրայ՝ վերջ տալու Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ կիրառուող ահաբեկչական գործելակերպին,
  2. Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններուն, մեր հայրենակիցներուն, Արցախի բարեկամներու «Փրօ Արցախ» միջազգային ցանցի մասնակիցներուն, բարի կամքի տէր անձերուն՝ դիմելու իրենց կառավարութիւններուն՝ պահանջելով Ազրպէյճանէն՝ դադրեցնել խաղաղ բնակչութեան դէմ թշնամական գործողութիւնները։ Այս ծանրագոյն պայմաններուն մէջ․
  3. Հայաստանի կառավարութիւնը պարտաւոր է գործուն քայլեր ձեռնարկելու Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորի՝ իր ստանձնած յանձնառութւնը իրացնելու համար,
  4. Ազգային ժողովը պէտք է անյապաղ հրաւիրէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովներու միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստ՝ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ գործնական քայլեր քննարկելու եւ ձեռնարկելու համար։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին

15.03.2022 թ․