Հոգեւորական Եմ, Նման Անյարիր Բան Ըսելու Իրաւունք Չունիմ, Սակայն, Չեմ Կրնար Լռել՝ Արցախի Մէջ Թշնամին Լկտիութեան Բոլոր Սահմանները Անցած է, Հարկաւոր է Զսպել. Արցախի Թեմի Առաջնորդ

Աշխարհ, Հայաստան

«Արցախի մէջ ապրող մարդոցմէ բոլոր անոնք, որոնք քիչ մը կը տիրապետեն իրավիճակին, կը հասկնան, թէ ի՞նչ կը կատարուի երկրէն ներս այս օրերուն եւ ով են մեր, այսպէս կոչուած, հարեւանները։ Կրնան գիտակցաբար վերլուծել տեղի ունեցողը եւ սառնասրտօրէն կը նային զարգացումներուն, բայց կայ նաեւ մարդոց խումբ մը, անոնց մէջ՝ երեխաները, ծերերը, անոնք, որոնք վերջին պատերազմէն ետք հոգեբանական ծանր ցնցումներ տարած են եւ զաւակներ կամ հարազատներ կորսնցուցած, որոնց համար, անշուշտ, այս ամենը շատ ծանր է»,-«Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի Թեմի Առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան՝ խօսելով վերջին օրերուն արցախա-ազրպէյճանական սահմանին թշնամիի կողմէ հրահրուած սադրանքներուն մասին։

Յիշեցնենք, որ արդէն քանի մը օր է, որ Ազրպէյճանը Արցախի սահմաններուն վրայ կը դիմէ տարատեսակ ռազմական սադրանքներու՝ պարբերաբար կը կրակէ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ, որուն զուգահեռ բարձրախօսերով կը պահանջէ բնակիչներէն լքել իրենց բնակավայրերը՝ կիրառելով հոգեբանական ճնշում։ Աւելին՝ ազրպէյճանական հսկողութեան տակ յայտնուած տարածքին մէջ վնասուած է նաեւ Արցախը սնուցող կազատարը, որուն հետեւանքով արցախահայութիւնը զրկուած է կազէ։

Արցախի թեմի առաջնորդը կը նկատէ՝ որքան ալ մարդ հոգիով եւ մարմնով ամուր ըլլայ, միեւնոյնն է, այսօրինակ սադրանքները իրենց գործը կ՝ընն՝ ձգելով իրենց խիստ բացասական հետքը՝ մարդոց հոգեբանութեան եւ առողջութեան վրայ։
«Խաղաղութիւնը շատ նուրբ երեւոյթ է, որ, ամէն պարագայի՝ խախտուելու պարագային, մարդը այլեւս կը շեղի իր ներդաշնակ կեանքի ռիթմէն։ Ասիկա, առաւել ընդգծուած դրսեւորում կ՝ունենայ այն մարդոց կեանքին վրայ, որոնք, արդէն իսկ, անցած են պատերազմի արհաւիրքով եւ ունեցած են կորուստներ։ Լարուած են նաեւ այն մարդիկ, որոնք ընտանիքի հայր են եւ պատասխանատւութիւն կը զգան իրենց ընտանիքի անդամներուն, յատկապէս՝ երեխաներու կեանքին համար։ Մէկ խօսքով՝ բոլորը Արցախի մէջ այս օրերուն լուրջ վիճակի մէջ են»,- նշած է Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։

Խօսելով Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուս զօրամիաւորումներու դերակատարման մասին՝ Արցախի Թեմի Առաջնորդը նկատած է՝ նոյնիսկ անոնք, որ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան, առաքելութիւն ունին՝ խաղաղարար գործունէութիւն իրականացնելու, անգամ անոնք վերջին օրերուն, կարծես անզօր են, միջոցներ չունին զսպելու թշնամիին կողմէ ցուցաբերուող այսօրինակ սադրանքները։ Այս հանգամանքը, յատկապէս, կը լարէ արցախցիները, աւելի անպաշտպան կը դարձնէ զանոնք հոգեբանական առումով. «Այստեղ է, որ կը յիշենք մեզի աւանդուած մեր նախնեաց խօսքը՝ հենուիլ միմիայն սեփական ուժի վրայ՝ ամուր կանգնելով սեփական ոտքերուն, որպէսզի լիարժէք կերպով կարենաս պատասխան տալ թշնամիին։ Ասիկա փիլիսոփայութիւն չէ, ասիկա մեր իրական, այսօրուան կեանքն է, որուն մէջ յայտնուած ենք մենք ու մեր երեխաները։ Ի՞նչ կը նշանակէ՝ պայթեցնել կազատարը եւ ձմրան կիսուն թոյլ չտալ, ամէն կերպ խոչընդոտել, որ չվերանորոգուի։ Այս է մեզի բաժին հասած թշնամին… Գիտէ՞ք, շատ լաւ հասկնալով, որ հոգեւորական եմ, եւ նման անյարիր բան ըսելու իրաւունք չունիմ, այնուամենայնիւ, չեմ կրնար լռել՝ Արցախի մէջ թշնամին լկտիութեան բոլոր սահմանները անցած է, հարկաւոր է զսպել»։

Արցախի թեմի առաջնորդը կը նկատէ՝ չի կրնար ըսել, թէ վերջին օրերու սադրանքներուն իբրեւ արդիւնք, Արցախի մէջ ապրող մարդիկ խուճապի մէջ են, սակայն, կայ անորոշութեան զգացողութիւն, որ, ամենայն դէպս, որոշակի անհանգստութիւն մտցուցած է արցախցիներու կեանքին մէջ. «Ասոր հիանալի կերպով հակադարձեց Արցախի ԱԳՆ-ի կողմէ եղած վերջին յայտարարութիւնը, որ, որոշ չափով, վստահութիւն բերաւ մարդոց սրտերուն։ Այս առումով խիստ ողջունելի էր մեր ԱԳՆ նախարարի պահուածքը, ապրի՛ ինքը։ Այսպէս ինքզինք կը դրսեւորէ նաեւ հոգեւորականութիւնը։ Այդպէս պէտք է իրեն դրսեւորէ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնը՝ համարժէք եւ արժանի հակադարձումներ եւ արձագանգ տալով թշնամիին, որպէսզի մարդիկ գօտեպնդուին, հասկնան, որ իրենց մէջքը դատարկ չէ, որ, անգամ, այսպիսի սպառնալիքները, լուրջ խնդիրներ պիտի չստեղծեն իրենց առօրեային կամ, Աստուած չընէ, կեանքին համար։ Այլապէս, եթէ մենք կրկին խեղճացած լռենք, թշնամին, անկասկած, ոտքերը աւելի առաջ պիտի բերէ»։