Ազրպէյճանը Կը Կրակէ Խրամորթ, Փառուխ եւ Խնապատ Գիւղերու Ուղղութիւններով՝ Օգտագործելով Ականանետեր եւ Խոշոր Տրամաչափի Հրաձգային Զէնքեր

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանական կողմը հրադադարի պահպանումը կը շարունակէ խախտել Ասկերանի շրջանի Խրամորթ, Փառուխ եւ Խնապատ գիւղերու ուղղութիւններով՝ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ օգտագործելով ականանետեր եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զէնքեր։

Արցախի ՆԳՆ Ոստիկանութենէն կը յայտնեն, որ ակնյայտ է, որ խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելու եւ ականանետով գիւղերը արկակոծելու հերթական փորձերը նպատակաուղղուած են առաջնահերթօրէն խուճապ յառաջացնելու հասարակութեան մէջ:

ԱՀ ՆԳ նախարարութիւնը կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման եւ պարբերաբար տեղեկատւութիւն կը տրամադրէ իրավիճակին մասին: