Ազրպէյճանը Կ՝ուզէ Արդարացնել Խաղաղ Բնակչութեան Ուղղուած Յանցաւոր Ոտնձգութիւնները․ Արցախի ՄԻՊ
Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձած է վերջին օրերուն Ազրպէյճանի ռազմատեղեկատուական աղբիւրներուն տարածած կեղծ լուրերուն՝ հայ-ազրպէյճանական շփման տարբեր հատուածներու վրայ հայկական կողմէն հրադադարը խախտելու մասին․
«Այդ կերպով Ազրպէյճանը կ՝ուզէ արդարացնել խաղաղ բնակչութեան ուղղուած յանցաւոր ոտնձգութիւնները եւ, միաժամանակ, հող նախապատրաստել յաջորդող արարքներուն եւ սադրանքներուն համար։
Մարտ 6-ին, ազրպէյճանական կողմը տարբեր տրամաչափի հրազէնային զինատեսակներով կրակոցներ արձակած էր ԱՀ Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքի ուղղութեամբ, իսկ այսօր՝ Մարտ 7-ին, ժամը 17:00-ի սահմաններուն, նոյն հատուածին մէջ կիրառուած է ականանանետ, արձակուած արկերը պայթած են գիւղի գերեզմանոցին հարեւանութեամբ։ Քաղաքացիական անձերու մէջ տուժածներ չկան։
Նկարագրուած գործողութիւններուն զուգահեռ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան լծուած է Արցախի մէջ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովող ռուսական խաղաղապահ ուժերն ու յատկապէս հրամանատարական կազմը վարկաբեկելու եւ զրպարտելու գործին։
Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական եւ հոգեբանական անձեռնմխելիութեան դէմ ուղղուած ազրպէյճանական յանցաւոր գործողութիւնները եւ ռուս խաղաղապահներուն ուղղուած զրպարտանքները կը կրեն համակարգային եւ ուղղորդուած բնոյթ, կը կազմակերպուին ազրպէյճանական իշխանութիւններու իմացութեամբ եւ անոնց հրահանգով։
Արձանագրուող բոլոր դէպքերը կրկին կ՝ապացուցեն ազրպէյճանական կողմի ուղիղ եւ անառարկելի դիտաւորութիւնը՝ խաթարելու Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան բնականոն կեանքը եւ ցեղական զտման ենթարկելու Արցախը»։
