Ֆրեզնոյէն Լիբանան Հասած Բժիշկները Հանդիպում Ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ` Այսօր Սկսելիք Իրենց Առաքելութեան Իբրեւ Մեկնարկ
Լիբանանահայութեան իրենց անվճար ծառայութիւնը մատուցելու եւ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կանգնած իրենց քոյր-եղբայրներուն բուժման օժանդակելու նպատակով Լիբանան գտնուող Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, Կիրակի, 6 Մարտի առաւօտեան մասնակցեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որմէ ետք հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառին հետ: Նոյն օրը երեկոյեան անոնք ծանօթացման ընթրիք ունեցան լիբանանահայութեան հոգեւոր, պետական, ընկերային ծառայութեան մարզի եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ:
Արամ Ա. կաթողիկոս մեծապէս գնահատեց Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները` շեշտելով, որ բժշկութիւնը նաեւ կոչում է, որ մարդուն հետ կը ծնի եւ կը նպաստէ մարդոց կեանքի բարելաւման, զանոնք առողջ եւ յուսալի պահելու: Ան խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող դժուար կացութեան մասին` դիտել տալով, որ դեղորայքի չգոյութիւնը կամ անտանելի սղութիւնը, առողջապահական համակարգին մէջ տիրող անել վիճակը բժշկուելու կարելիութենէն զրկած են շատեր, ուստի այս առաքելութեամբ Լիբանան ուղղուած բժիշկները լաւագոյնս կրնան ծառայել լիբանանահայութեան: Խօսք առին նաեւ տոքթ. Էլի Թաշճեանն ու Պերճ Աբգարեանը, որոնք անդրադարձան այս նախաձեռնութեան տուն տուող պատճառներուն, ընդհանրապէս առաքելութեան, յատկապէս Լիբանանի մէջ իրականացուելիք աշխատանքին: Անոնք դիտել տուին, որ բժիշկներուն Լիբանանի մէջ ծառայութիւն մատուցելը նաեւ ընդառաջում է Արամ Ա. վեհափառին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի տարուան» ծիրին մէջ ուղղուած կոչին` կողք-կողքի ըլլալու եւ միասնաբար աշխատելու սփիւռքի լինելիութեան համար:
Նշենք, որ այսօր` Երկուշաբթի, 7 Մարտին, բժիշկները արդէն իսկ սկսած են իրենց ծառայութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, անոնք իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն նաեւ Երեքշաբթի, 8 եւ Չորեքշաբթի, 9 Մարտին, իսկ Ուրբաթ, 10 Մարտին՝ նոյն նպատակով՝ պիտի մեկնին Այնճար:

