2021-ին Արցախի Մէջ Ծնած է 1463 Փոքրիկ, 22-ը՝ Երկուորեակ
2021 թուականի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է 1463 փոքրիկ, 734՝ տղայ, 729՝ աղջիկ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ առողջապահութեան նախարարութենէն:
Ծնունդներուն 22-ի եղած են երկուորեակներ։
Կը նշուի, որ արտամարմնային բեղմնաւորման ճանապարհով ծնած 3 տղայ։ ՀՀ բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է 78 փոքրիկ: Իբրեւ արդիւնք՝ ԱՀ-ի մէջ 2021 թուականի ընդհանուր ծնելիութիւնը կազմած է 1541 փոքրիկ, որուն 779 տղայ, 762 աղջիկ:
