Հայ Աղջիկներու Հանդէպ` Հայ Ըլլալու Համար, Վերջին Անգամ Թուրք Ոստիկանը Բռնութիւն Կիրառած Էր․ Քրիստինա Նազարեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայ աղջիկներու հանդէպ՝ հայ ըլլալու համար, վերջին անգամ թուրք ոստիկանը բռնութիւն կիրառած էր` Օսմանեան Թուրքիոյ, Պաքուի եւ Սումգաիթի մէջ, իսկ այսօր արդէն ատիկա կը կատարուի Երեւանի մէջ: Այս մասին գրած է Քրիստինա Նազարեանը՝ ընդգծելով.

«Հարց կ՝առաջանայ. ատիկա Նիկոլի՞ ոստիկաններն են, թէ՝ թալէաթի ասկեարները:

Այ թէ հաւանաբար ինչ պիտի ըսէր թալէաթը, եթէ ողջ ըլլար,

«- Ապրիք ասկեարներ, տեսէք` ես ալ կարմիր բերետաւոր եմ: Հոգիս փառաւորուեցաւ, երբ տեսայ ինչպէս հայ աղջկայ ձեռքը կը ջարդէք Երեւանի կեդրոնին մէջ՝ անոր համար, որ իմ թուրք եղբայրներուն դէմ կը յանդգնին բողոքել:

Դուք իսկական եւ նուիրեալ ասկեարներ էք, բայց դեռ աճելու տեղ ունիք, որ արժանի ըլլաք ձեր գլխու կրմիր ֆեսին: Չխնայէք անգամ յղիները, եղէք արժանի կարմիր ֆեսով ասկեարի անունը կրելուն:

Իսկ ԵՄ դեսպանը եւ ԱՄՆ դեսպանը պիտի լռեն, հանգիստ եղէք: Դուք ձեր թրքական առաքելութիւնը կատարեցէք մինչեւ վերջ, իմ սիրելի կարմիր բերետաւոր ասկեարներ, իմ հպարտութիւն եւ յոյս ասկեարներ, չընկրկիք, չէ որ նոր հիթլերիկը ինծի պէս «ժողովրդավարութեան բաստիոն» է»»: