Արցախի Հարաւարեւելեան Ուղղութեամբ Ազրպէյճանը Խախտած է Հրադադարը. ՊԲ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, որուն համաձայն ՊԲ ստորաբաժանումները Փետրուած 23-ին, ժամը 10:05-ի սահմաններուն, կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:

ԱՀ Պաշտպանութեան բանակէն կը հաղորդեն, որ, իրականութեան մէջ, առաջնագիծի տուեալ հատուածին վրայ ազրպէյճանական կողմն է , որ խախտած է հրադադարը, որուն հետեւանքով հայկական կողմը կորուստներ չէ կրած: Հրադադարի խախտման փաստին վերաբերեալ համապատասխան տեղեկատւութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանական գերատեսչութիւնը մէկ անգամ եւս կը հաւաստիացնէ իր հաւատարմութիւնը հրադադարի պահպանման եւ կը տեղեկացնէ, որ նշուած կամ որեւէ այլ ուղղութեամբ ՊԲ-ին կողմէ հրադադարի պահպանումը չէ խախտուած: