Կոչ Կ՝ընենք Յստակ Գնահատական Տալ ՀՀ Ոստիկանութեան Ապօրինի Գործողութիւններուն. ՀՅԴ ՀԵՄ
Փետրուար 22-ին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան խումբ մը անդամներ ցոյց իրականացուցած են Հայաստան ժամանած ազրպէյճանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն դէմ:
Ցոյց կրած է բացառապէս խաղաղ բնոյթ: Ցոյցի մասնակիցները նպատակ ունեցած են «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ, ուր ըստ տեղեկութիւններու կը գտնուէին պատուիրակութեան անդամները, պաստառներով եւ կոչերով թշնամական երկրի պատուիրակներէն պահանջել անմիջապէս ազատել հայ ռազմագերիներն ու հեռանալ հայկական բռնագրաւուած տարածքներէն:
Խաղաղ ցոյցին ընթացքը խոչընդոտուած է ՀՀ ոստիկանութեան կողմէ, որուն ներկայացուցիչները բիրտ, անօրինական եւ անհամաչափ ուժի կիրառումով Ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին բերման ենթարկած են 25 անձ:
Բերման ենթարկուածներուն մէջ եղած են նաեւ ցոյցին չմասնակցող քաղաքացիներ, պատերազմի մասնակցածներ, իգական սեռի ներկայացուցիչներ եւ անչափահաս անձ:
Բերման ենթարկուած է նաեւ աշխատանքային պարտականութիւնները կատարող «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան լրագրողը:
Ոստիկանական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք կոտրուած է բերման ենթարկուած անձերէն մէկուն ձեռքը:
Ոստիկանական ապօրինութիւնները շարունակուած են նաեւ բաժանմունքին մէջ, ուր բերման ենթարկուածներու հակաիշխանական վանկարկումներուն ի պատասխան, Ոստիկանութեան աշխատակիցները դիմած են բիրտ ուժի:
Փաստին առիթով Ոստիկանութեան մէջ բոլոր բերման ենթարկուածներուն դէմ յարուցուած է քրեական գործ:
ՀՀ Ոստիկանութեան այսօր տարածուած յայտարարութեան մէջ ակնյայտօրէն նենգափոխուած են տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ կատարուածին պատճառահետեւանքային կապերը:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ը խիստ կը դատապարտէ ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամներուն դէմ արդար բողոքի ցոյց իրականացուցած քաղաքացիներուն նկատմամբ քրէական գործի յարուցումը, որ կը գնահատէ իբրեւ ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ վարուող հակահայ քաղաքականութեան ակնյայտ դրսեւորում:
Կոչ կ՝ընենք ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, իրաւապաշտպան անձերու եւ կազմակերպութիւններու, միջազգային կառոյցներուն յստակ գնահատական տալու ՀՀ ոստիկանութեան Փետրուար 22-ի ակնյայտ ապօրինի գործողութիւններուն:
