Ոստիկաննե՛ր, Ըրէք Այնպէս, որ Դուք եւ Ձեր Սերունդները Թուրքի Պաշտպանի Խարանը Չկրեն Իրենց Ճակատին. ՀՅԴ Երեւանի ՔԿ-ի Յայտարարութիւնը
Երեւանի մէջ որոշ տարածքներ հասանելի են ազրպէյճանցիներուն, բայց հասանելի չեն հայերուն։ Ա՛յս էր ՀՀ իշխանութիւններուն եւ ոստիկանութեան ուղերձը երէկ Մարիոթ հիւրանոցի դիմաց հաւաքուած հայ երիտասարդներուն։
Երեւանի մէջ ազրպէյճանցիներ կրնան իրենց հակահայ նկրտումներուն մասին խօսիլ, բայց հայ մարդը չի կրնար իր ազգային հիմնախնդրին մասին բարձրաձայնել։ Ա՛յս էր ՀՀ իշխանութիւններուն եւ ոստիկանութեան պատգամը երէկ հայ ժողովուրդին։
ՀՀ իշխանութիւնները Երեւանի մէջ կրնա՛ն ազրպէյճանցիներուն պաշտպանութիւնը այնպէս կազմակերպել, որ անոնք ոչ տեսնեն, ոչ ալ լսեն իրենց դէմ ուղղուած բողոքի ձայները, բայց չե՛ն կրցած Արցախի եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանել՝ թուրքի դիմաց փռելով հինգ հազար հայորդիներու կեանքեր։
Իսկ պատմութիւնը կրկնուող դաս կու տայ բոլորին․- բռնապետութիւնները ուշ կամ շուտ կը տապալուին։ Բռնապետերը կը լեցուին պատմութեան աղբանոցը իսկ անոնց կուրօրէն ծառայողները կը վերածուին անբան, վարկաբեկուած ու ծաղր ու ծանակի ենթակայ խլեակներու։
Ոստիկաննե՛ր, ՀԱՅ չկայ, որ կը հաւատայ ձեր «հրաման ենք կատարում» դատարկաբանութեան։ Ըրէք այնպէս, որ դուք եւ ձեր սերունդները թուրքի պաշտպանի խարանը չկրեն իրենց ճակատին։
ՀՅԴ ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԿՈՄԻՏԷ
