Համաձայնութիւն Եղած Է Հնարաւոր Կարճ Ժամանակահատուածի Մէջ Հասնելու Տարածաշրջանին Մէջ Տնտեսական եւ Փոխադրամիջոցային Կապերու Ապաշրջափակման․ Փութին
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը պէտք է վերականգնուի։ Ըստ Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան՝ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մօտ 4 ժամ տեւած հանդիպումէն ետք կայացած ասուլիսին ընթացքին՝ այս մասին ըսած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։
ՌԴ նախագահը նշած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ցանկացած՝ ներառեալ՝ սահմանային վէճի լուծման։
Փութինը նաեւ յիշեցուցած է, որ նախօրէին հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որուն ընթացքին ընդգծուած է Արցախի հետ կապուած եռակողմ համաձայնութիւնները լիովին կատարելու կարեւորութիւնը։
Անդրադառնալով Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան՝ Փութինը նշած է, որ զօրախումբը կը շարունակէ ապահովել հրադադարի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, մարդասիրական օգնութիւն ցոյց տալ Արցախի բնակչութեան։
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութիւններու բացման հարցին՝ Փութինը, մասնաւորապէս ըսած է․
«Համաձայնած ենք շարունակել աշխատանքը տարածաշրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ առեւտրային կապերու ապաշրջափակման հնարաւորինս արագ հասնելու ուղղութեամբ։ Խօսքը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի միւս երկիրներու միջեւ ամբողջ ծաւալով բեռնափոխադրումներու եւ ուղեւորափոխադրումներու վերականգնման մասին է»։
