Փութինն ու Ալիեւը «Դաշնակցային Փոխգործակցութեան Մասին Հռչակագիր» Ստորագրած Են

Աշխարհ

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Մոսկուայի մէջ կայացած բանակցութիւններու աւարտին ստորագրած են «Դաշնակցային փոխգործակցութեան մասին հռչակագիր»։ Այս մասին կը յայտնէ TASS-ը։

Ըստ ՌԴ նախագահին՝ հռչակագրի ստորագրումով կը սկսի ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու նոր փուլ։

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, իր հերթին յայտարարած է, որ հռչակագիրը մեծ ծաւալ ունի, բաղկացած է 40-է աւելի կէտերէ եւ կ՝առնչուի Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխգործակցութեան կարեւորագոյն ոլորտներուն, անիկա կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներու ապագայ յարաբերութիւններուն մէջ։

Ալիեւը նշած է նաեւ, որ փաստաթուղթը «միանշանակ, շատ դրական նշանակութիւն պիտի ունենայ» ոչ միայն երկու երկիրներու փոխգործակցութեան, այլեւ «տարածաշրջանային անվտանգութեան» համար։