ՀՅԴ Երիտասարդները Բերման Ենթարկուած են Ազրպէյճանցիներուն Դէմ Ցոյց Ընելու Պատճառով (տեսանիւթ)
Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանները Մարիոթ Արմենիա հիւրանոցին դիմացէն բերման ենթարկած են շուրջ 20 դաշնակցական երիտասարդներ, որոնք փորձած են մտնել հիւրանոց եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել ընդդէմ Ազրպէյճանցիներուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
Երիտասարդները բիրտ ուժի կիրառումով տարած են ոստիկանութեան տարբեր բաժիններ:
Երիտասարդներուն հետ բերման ենթարկած են նաեւ «Երկիր մեդիա» հեռուստաընկերութեան լրագրող Անի Նահապետեանը։
«Կեդրոնի ոստիկանութիւն կը գտնուիմ, տասնեակ երիտասարդներ բերման ենթարկած են, դռները փակ են, զիս իբրեւ պաշտպանի ներս չեն ձգեր»,- այս մասին գրած է փաստաբան Սերգէյ Յովհաննիսեան:
Մանրամասնութիւնները՝ ուղիղ.
