Շուշիի Հռչակագիրը Իր Սուր Ծայրով Հայաստանի Դէմ Ուղղուած Վտանգաւոր Ռազմական Դաշինք է, Որ Կրնայ Արիւնաքամ Ընել Մեր Երկիրը. Աշոտ Մելքոնեան

Աշխարհ, Հայաստան

«Շուշիի հռչակագիրը՝ իր սուր ծայրով, Հայաստանի դէմ ուղղուած խիստ վտանգաւոր ռազմական դաշինք է, որ կնքած են մեր թշնամիներ հանդիսացող՝ արեւելեան եւ արեւմտեան «հարեւանները»։

Հետեւաբար, մենք պէտք է խիստ զգոն ըլլանք, որ այդ սուր ծայրը չծակէ մեր երկրի գլխաւոր զարկերակը, որ այս պահուն Հայաստանի հարաւային դարպասն է՝ Սիւնիքը։ Հակառակ պարագային մեր երկիրը արիւնաքամ պիտի ըլլայ»,- «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է պատմաբան ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը՝ վերլուծելով թուրք ազրպէյճանական տանդեմի կողմէն վերջերս վաւերացուած «Շուշիի հռչակագիր»-ը եւ անոր հնարաւոր աղէտալի հետեւանքները Հայաստանի Հանրապետութեան համար։

«Եթէ քիչ մը խորանանք՝ ցաւալիօրէն պիտի պարզենք, որ իմաստով մը, այս դաշինքը ՆԱԹՕ-ի կողմէ խրախուսանք է։ Թուրքիան ըլլալով ՆԱԹՕ-ի յառաջատար անդամ երկիր, փաստօրէն, նմանօրինակ պայմանագիր կը կնքէ առերեւոյթ չէզոք եւ որեւէ ռազմաքաղաքական միաւորի չպատկանող Ազրպէյճանի հետ, այդպիսով՝ հեռավար տարբերակով, Ազրպէյճանը դարձնելով ՆԱԹՕ-ին յարող պետութիւն, – նշած է պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան եւ աւելցուցած,- այնպէս է, որ, այսպէս կոչուած «Շուշիի հռչակագիր»-ը ուղղուած է ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական շահերուն դէմ, որմով այս երկու պետութիւններու ռազմաքաղաքական շրջանակներուն կը ստիպէ մտածել՝ փոխելու իրենց վերաբերմունքը թուրք ազրպէյճանական վտանգաւոր տանդեմին նկատմամբ։ Նկատենք նաեւ, որ այդ վերաբերմունքը մինչ օրս մեզի, մեղմ խօսքով, չէ բաւարարած եւ, հաւանաբար, ասիկա դառնայ առիթ, որպէսզի, ըսենք, ռուս- թրքական անբացատրելի տանդեմը, որ մեր խորին համոզմամբ կը հակասէ նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան շահերուն, վերջ ունենայ»։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ուղեկցութեամբ 2021 թուականի Յունիս 15-ին այցելած էր Ֆիզուլի, ապա նաեւ Շուշի, ուր տեղի ունեցած էր երկկողմ համաձայնագրի (Դաշնակցութեան մասին հռչակագրի) ստորագրումը:

Այսօր՝ Փետրուար 21-ին, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովին մէջ քննարկման դրուած էր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեանի կողմէ հեղինակած յայտարարութեան նախագիծը՝ Շուշիի հռչակագրին վերաբերեալ։

Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեանը յանձնաժողովի նիստին յայտնած էր, որ իրենք պիտի չի միանան Շուշիի հռչակագիրը դատապարտող յայտարարութեան։