Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Աշխատանքներուն Մէջ Արցախը Առաջնահերթութիւն Պիտի Մնայ. Մուրատ Փափազեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի հայ համայնքի 2022-ի աշխատանքներուն առանցքը իբրեւ առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ Արցախը: Այս մասին, Armenpress.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն լրջագոյն աշխատանք տարած են Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ, նոյն աշխուժութեամբ պիտի շարունակեն 2022 թուականին:

Խօսելով օրերս Փարիզի մէջ կայացած հայ համայնքի ամենամեայ ընթրիքին մասին, որին ներկայ էին Ֆրանսայի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ թէ՛ օրէնսդիր, թէ՛ գործադիր մարմիններէն, Մուրատ Փափազեան նշած է, որ անիկա ամենամեայ լաւ առիթ է հաւաքելու հայերու բարեկամները:

«Մենք կ՝աշխատին Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հետ, որ պահպանուի հայամէտ դիրքորոշումը: Յայտնի է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ցեղասպանութեան ժխտողականութեան հարցով բաւական ամուր կեցուածք ունի: Մենք կ՝ուզենք, որ Ֆրանսայի հայամէտ բնոյթը ըլլայ նաեւ կապուած Արցախի հարցին հետ : Մենք կ՝աշխատինք այդ ուղղութեամբ, եւ արդիւնքը եղաւ այն, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը քուէարկեց բանաձեւի մը օգտին, որմով կոչ կ՝ըլլար, որ Ֆրանսան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Նոյնը եղաւ Ֆրանսայի տարբեր խոշոր քաղաքներու, համայնքներու պարագային: Արդէն 85 քաղաք, շրջան քուէարկեց այն բանաձեւի օգտին, որ Ֆրանսան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Ասիկա ցոյց կու տայ տարիներու ընթացքին կատարած աշխատանքին արդիւնքը: Մենք մեր գործընկերներուն, բարեկամներուն ցոյց տուինք, որ հայկական համայնքը իսկապէս հզօր է եւ դրական սկզբունքներու հիման վրայ կը պաշտպանէ Հայ Դատը, հայկական հարցը»,- ըսած է Մուրատ Փափազեան:

Փարիզի մէջ կայացած ամենամեայ ընթրիքին այս տարի՝ գործուղումներու պատճառով՝ Ֆրանսայի նախագահը ներկայ չէ եղած, սակայն եկած է վարչապետը: Մուրատ Փափազեանի խօսքով՝ իրենք կրցած են ներկայացնել հայ համայնքին պահանջները:

«Մեր կողմէ խիստ գնահատականներ հնչեցին պատերազմին, անոր հետեւանքներուն առնչութեամբ: Ներկայացուցինք մեր դիտարկումները Արցախի ու հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ: Մենք մտադիր ենք աշխուժացնելու կապերը՝ շեշտը դնելով նաեւ մշակութային հարցերու վրայ: UNESCO-ն մեծ ընելիք ունի՝ ապահովելու հայկական մշակութային արժէքներուն պահպանումը»,- ընդգծած է Մուրատ Փափազեան՝ ընդգծելով, որ պէտք չէ թոյլ տալ, որ Ազրպէյճանը իւրացնէ հայկական մշակոյթը:

Մուրատ Փափազեան ընդգծած է Ֆրանսայի ու Արցախի քաղաքային մակարդակով համագործակցութեան ուղղուած աշխատանքներուն աշխուժացման կարեւորութիւնը: Անոր խօսքով, իրաւական հարթութեան վրայ աշխատանքներու նոր ձեւ որդեգրելու անհրաժեշտութիւն կայ, որ աւելի ապահով պիտի ըլլայ ու պէտք է քաջալերել, որ Ֆրանսայի քաղաքները շարունակեն օգնել Արցախի քաղաքներուն: Ան նշած է, որ Արցախը առաջնահերթութիւն է իրենց համար, բայց կ՝ուզեն քաջալերել, որ աշխուժացուին Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական կապերը, մշակութային համագործակցութիւնը:

Տարին նախընտրական է Ֆրանսայի համար, կը սպասուին նախագահական ընտրութիւններ: Մուրատ Փափազեանի խօսքով, բոլոր գլխաւոր թեկնածուներուն հետ աշխատած են: Ընտրութիւնները պիտի ընթանան երկու փուլով՝ Ապրիլ 10-ին եւ Ապրիլ 24-ին: Երկրորդ փուլ անցած թեկնածուներուն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի հայ համայնքին առջեւ յայտնելու իրենց դիրքորոշումը: